Պէյրութի Մարաթոնի Յանձնախումբի Նախագահ Մէյ Խալիլ Այցելեց Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի

Երէկ` երկուշաբթի, 2 ապրիլին, վարչապետարանին մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբի նախագահ Մէյ Խալիլը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Այս հանդիպումին ներկայ էին նաեւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտին եւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ:

Իր արտասանած խօսքին մէջ Մէյ Խալիլ ըսաւ. «Մեր այս այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր վարչապետին շնորհակալութիւն յայտնել նախորդ տարուան` 2011-ի Մարաթոնին զօրակցած ըլլալուն համար: Անոր ներկայացուցինք մեր այս տարուան ընդհանուր ծրագիրը, ի մասնաւորի այժմէն իսկ մեր տարած աշխատանքը, յառաջիկայ նոյեմբերին տեղի ունենալիք Պէյրութի միջազգային 11-րդ մարաթոնին կապակցաբար»:

Աւարտին Խալիլ յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց վարչապետ Միքաթիի:

Share this Article
CATEGORIES