«ԱԶԴԱԿ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն . Լիբանանահայ Կեանքը` «ԱԶԴԱԿ»-ի Ծանուցումներու Ընդմէջէն


– Թուրքիայէն Հայերու
Շարունակուող
Գաղթը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

«Ազդակ»-ի սկզբնաղբիւրի արժէք ներկայացնող խմբագրականներուն, թղթակցութիւններուն, տեղեկատուութիւններուն ու լուրերուն կողքին, յատուկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն ծանուցումները: Ծանուցումները լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման այդ տարիներու պատմութեան ուսումնասիրութեան համար անփոխարինելի արժէք կը ներկայացնեն: Լիբանան տեղաւորումէն քանի մը տարի ետք, եւ տակաւին քէմփերէն մասամբ դուրս ելած, արդէն Պէյրութի շուկային վրայ դիրք ու անուն ունեցող արհեստաւորներ ու վաճառականներ կային` դերձակ, դեղագործ, կերպասավաճառ, ժամագործ, լուսանկարիչ, օճառի վաճառական, գլխարկի վաճառական, կարկանդակ պատրաստող մասնագէտ, պանդոկատէր եւ այլն: Ստորեւ քանի մը նմուշ` 1929-ի ծանուցումներէն:

Ձեռագործի Եւ Դերձակութեան
Նոր
Արհեստանոց

Հայ օրիորդներ եւ տիկիններ

Եթէ կ՛ուզէք հանգիստ խղճով եւ ձեր հարազատ աշխատանքով ապրուստ հոգալ,

Եթէ կ՛ուզէք օտարին ու անծանօթին դռներէն հեռու մնալ եւ չ՛արհամարհուիլ,

Եթէ կ՛ուզէք օգնել առտուընէ մինչեւ իրիկուն արիւն քրտինք թափող ձեր եղբայրներուն,

Եթէ կ՛ուզէք երկրագունդի բոլոր մասերուն մէջ շահաբեր արհեստի մը տիրանալ

Դիմեցէք արեւելեան եւ եւրոպական ամէն տեսակ ձեռագործներու եւ ձեւագիտութեան ծանօթ ՏԻԿԻՆ ՄԱՐԻ ԵՐԱՄԵԱՆԻ ձեռագործի եւ դերձակութեան նորահաստատ արհեստանոցը, ուր ձեզի պիտի հայթայթուի ամէն տեսակ գործ:

Նաեւ դիւրութիւն եւ հնարաւորութիւն ստեղծելու համար նիւթական միջոցներէ զուրկ մեր քոյրերու դերձակութեան արհեստին տիրանալուն, արհեստանոցի մէջ հիմնուած է կարի եւ ձեւագիտութեան առանձին դասընթացք մը ամենավերջին եւ արագ մեթոտով. ձեռագործ գիտցող բոլոր աղջիկները կրնան օգտուիլ այս բացառիկ պատեհութենէն եւ 3 ամսուան մէջ տիրանալ արհեստին:

Այս նոր արհեստանոցը կ՛ընդունի նաեւ ապսպրանքներ ամէն տեսակ ձեռագործներու եւ կարի եւ կը գոհացնէ ամենանուրբ ճաշակներն անգամ:

Ուրեմն հայ աղջիկներ, դիմեցէք անգամ մը այս նոր արհեստանոցը` Մաարաթ փողոց, մեծ մզկիթին դիմաց, «Էլ Պայրագ» թերթի խմբագրատան շէնքի վարի յարկը եւ ամէն կերպով գոհացում պիտի գտնէք:

 

Դեղարան Խաղաղութեան

Յովսէփ Ալհայտօեան

Մեր նշանաբանն է մաքրութիւն, արագութիւն եւ խղճմտութիւն. հոն կը գտնէք պատրաստի ամէն կարգի դեղեր, ֆօթօկրաֆի, փարֆիւմըրիի եւ ակնոցի ճոխ մթերք: Չափաւոր գին:

 

Կերպասեղէնի Եւ Կտորի
Մեծ
Վաճառատուն

Տէր Մելքոնեան Եղբարք

Սուգ Մըթրան (Րիւ Ֆօշի Եւ Ռիւ Ալէնպիի Միջեւ Նոր Շուկայ)

 Նոր Հասած

Անգլիական Նուրբ Եւ Ընտիր Կերպասներ

Նաեւ Բօբլին, Թաւիշ, Մետաքս, Ուալ Եւ Այլն, Եւ Այլն, Եւ Այլն

 Ամէն Ճաշակի Յարմար Տեսակներ

 Գիները խիստ աժան

Մանաւանդ Օխայով Գոսթիւմցու Կերպասներ`

Անմրցելի Գիներով

Սէկ Անգամ Այեցելողը Միշտ Գոհ Պիտի Մնայ

 

Ժամագործ Գ. Ժիրագօ

Կուրօ Փողոց, Պուրճի Մօտ, Թիւ 68

Ամէն տեսակ ժամացոյցներ կը նորոգուին
խիստ դիւրամատչելի պայմաններով
եւ կատարեալ բարեխղճութեամբ.

Կը ծախուին մեծ եւ պզտիկ բոլոր տեսակի ժամացոյցներ: Կը գտնուին նաեւ մեծ քանակութեամբ ժամագործներու պիտոյքներ եւ գործիքներ:

Եթէ յիշատակելի նուէր մը գնել կ՛ուզէք` անգամ մը այցելեցէք այս ժամագործատունը:

 

Ապէլ
Լուսանկարչատուն

Պէտք է երբեք մոռնալ, որ ամենահարազատ եւ նրբաճաշակ լուսանկարները «ԱՊԷԼ» ստորագրութիւնը կը կրեն:

Ուրեմն կ՛ուզե՞ս ունենալ ամենադժուարահաճ գեղարուեստասէրներն իսկ հիացնող անթերի նկար մը, դիմէ «ԱՊԷԼ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱՏՈՒՆԸ», եւ քու սիրելիներուդ ու բարեկամներուդ համար պիտի ապահովես ամենաթանկագին յիշատակի նուէրը:

 

Հայ Տիկիններ, Աչքերնիդ Լոյս

«Լուացքի օրեր շատ կը տանջուինք» մի՛ ըսէք, քանի որ կայ.-

 Ռէքսպլիւ

Լուացքի հրաշագործ օճառը, որ կը մաքրէ աղտ, կը խնայէ ձեր աշխատանքը, ժամանակն ու հագուստները: Հարիւր անձի լուացքը կրնաք կատարել ԿԷՍ ժամուայ միջոցին ձիւնափայլ ճերմակութեամբ: Փորձեցէք եւ կը համոզուիք:

*** «Հագուստս դեռ նոր է, միայն գոյն նետեց, ներկարարը մէկ ոսկի ե՛ւ աւելին կ՛ուզէ, ի՞նչ ընեմ», մի՛ ըսէք, եկէ՛ք եւ գնեցէք.-

Նատքօ

 

Տիեզերահռչակ ներկ-օճառը, որ քսան վայրկեանէն կը ներկէ բուրդն ու քթանը, բամպակն ու մետաքսը, պահանջուած որեւէ մէկ գոյնով եւ ՄԻԵՒՆՈՅՆ ամանի մէջ: «Նատքոյով ներկուած որեւէ հագուստ կարանթի է ՀԻՆԳ տարի:

*** Ձեր հագուստներուն եւ կամ որեւէ ճերմակ կամ գունաւոր առարկային վրայ ա՞ղտ եղաւ, մի ցաւիք, մի տրտնջաք գնեցէ՛ք.-

Նէթուա Թաշ

որ ՈՐԵՒԷ աղտ, որեւէ մէկ հագուստէն կ՛անհետացնէ վայրկենապէս: Փորձ մը միայն, ձեզ կ՛ազատէ շատ մտմտուքներէն:

Դիմեցէք ուրեմն ՅՈՎՍԷՓ ՂՊԼԻԿԵԱՆի վաճառատունը (Սուգ Պազիրկեան) ուր պիտի գտնէք նաեւ շապիկներ, բաղնիքի խաւլուներ, ամէն տեսակ գուլպաներ, գունաւոր ակնոցներ եւ կանանց արդուզարդի պիտոյքներ:

 

Միակ Հայկական Կանանց
Գլխարկներու
Վաճառատուն

Գ. Ճէլիլեան

Հաստատուած Է Կուրօ Փողոց Թիւ 456

Ժըմմէյզէի Եւ Թրամվայի Ընկերութեան Միջեւ

Կը նորոգէ, կը շինէ եւ պատրաստ կը ծախէ ամենավերջին նորաձեւութեամբ կանանց ամէն տեսակ գլխարկներ:
Խիստ դիւրամատչելի գիներ:

***

Պէյրութի կեդրոնական գօտիին մէջ, Ալենպի փողոցին վրայ, քղեցի Միհրան Թուրիկեան, «Ազդակ»-ի աշխատակից Թուրիկը, հինգ յարկանի շէնքի մը վերի երկու յարկերը վարձելով «Օթէլ Լիւքս» անունով պանդոկ մը բացած էր: Թուրիկ ազգային, կուսակցական եւ գրական աշխատանքներով տարուած էր եւ պանդոկին աշխատանքները աւելի կնոջ` Շուշանի ուսերուն ծանրացած էին: Հայկական շրջանակներու մէջ կարեւոր կեդրոն մը դարձաւ «Օթէլ Լիւքս»-ը: Մտաւորականներու ժամադրավայր եւ օթեւան, եւ տարբեր գաղութներէ Լիբանան ժամանող հայերու համար ապաստանարան եղաւ: Օրինակներ` «Օթել Լիւքս»-ի ծանուցումներէն:

Օթէլ Լիւքս

Որպէս օթէլ անմրցելի է իւր մաքրութեամբը, իւր անթերի սպասարկութեամբը, իւր առատ ջուրովը եւ բաղնիքովը, իւր հանգստաւէտ անկողիններովը եւ մանաւանդ իւր զով եւ մաքուր օդովը:

Որպէս հայկական հաստատութիւն, Պէյրութի մէջ միակն է, որ փնտռուած ժամադրավայրը դարձած է, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Եգիպտոսի ստուար հայութեան:

Հոն կը գտնէք, լաւ հասարակութեան մը ընկերակցութիւնը, խղճամիտ պաշտօնէութեան մը ծառայութիւն եւ դիւրամատչելի սակագին մը, հրամեցէք:

ՏԷՐ ՏՆՕՐԷՆ ՄԻՀՐԱՆ ԹՈՒՐԻԿԵԱՆ

 

Օթէլ Լիւքս

Օթէլ Լիւքսին հանրապետութեան վերընտրուած վարչապետս, կը յայտարարեմ բոլոր յարգելի յաճախորդներուս, որ 1929-ը տարուան մէջ, իրենց հանգիստը ապահովող բոլորովին նոր կարգադրութիւններ եւ հանգստաւէտ նոր պայմաններ ստեղծած եմ: Ճաշարանը իր լաւագոյն խոհարարով, բաղնիքը իր ջրառատ ցնցուղով եւ ջեռուցիչ ծորակով, անկողինները իրենց առաձիգ եւ զսպանակաւոր մահճակալներով, սպասաւորները իրենց վարժ, պատրաստակամ սպասարկութեամբը, բոլորովին անմրցելի իրենց տրամադրութեան տակ են: Դժգոհութիւնը անծանօթ զգացում մը պիտի մնայ իրենց, կ՛երաշխաւորեմ`

Մ. ԹՈՒՐԻԿԵԱՆ

 

Նոր Պատգամներ
Օթէլ
Լիւքսէն

Օթէլ Լիւքսէն ետ դարձող բարեկամներուս, սալոնին մէջ փառաւորապէս քնացող ծանօթներս, մէկ սենեակի մէջ քնացող, ուրիշ սենեակի մէջ արթնցող ընկերներուս, խճողումէ նեղացող հայրենակիցներուս, մինչեւ տեղ մը բացուիլը ոտքի վրայ սպասող մտերիմներուս, միաձայն ու միանուագ պահանջին, խնդրանքին ու փափաքին գոհացում տալու համար միայն ստիպուեցայ վարձել, արդէն ծանօթ Լիւքսի շէնքին վարի յարկն ալ, աւելի լիւքս, աւելի ընդարձակ, աւելի փառաւոր եւ բնականաբար աւելի վար (100-էն 28 սանդուխ պակաս), կահաւորումը աւելին կոթէն հաշուած բոլորովին նոր, յետ այսու.- սալոնը քնացող եւ ետ վերադարձող, Թուրիկին նեղացող, անէծք տեղացող բնաւ չի կրնար ըլլալ-բծախնդիր ծերը, խստապահանջ գէրը, տկար սրտի տէրը, չեն ելներ վերը. մալարիայէ նոր ազատուածներու հետ վարի յարկը պիտի մնան, երիտասարդներն ու  թեթեւները-խենթ չը հասկնանք – վերը պիտի ելլեն:

Սոյն կարգադրութիւններս կարդացողը` չի կարդացողին, լսողը` չը լսողին տեսնողը` չը տեսնողին, իմացողը` չիմացողին եւ հասկացողը` չի հասկցողին թող կարդայ, ըսէ, խօսի եւ հասկըցնէ անպատճառ:

Օթէլ Լիւքիս միապետ

ՄԻՀՐԱՆ ԹՈՒՐԻԿԵԱՆ

*
*   *

«Ազդակ» 1929-ին միացած էր արաբական «Ալ Ուաթանիէ» տպարանին. այս առիթով կը ծանուցուէր.

 

«ԱԶԴԱԿ»-ի Տպարանը
Միացած
Ըլլալով Արաբական «Էլ Վաթանիէ»
Մեծ
Տպարանին Հետ

Կը պատրաստէ հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն ամէն չափի եւ տեսակի տպագրական գործեր, ամենազեղջեալ գիներով:

Մեր տպարանի գիներուն անբաղդատելիօրէն աժան ըլլալը հասկնալու համար, անգամ մը միայն փորձեցէք եւ պիտի համոզուիք:

Ոեւէ մէկ տպարանի տուած գինին վրայ հարիւրին տասը զեղջով կ՛ընդունինք ամէն տեսակ տպագրական գործեր. մեր այս պայմանը ի զօրու է թուականէս մինչեւ երկու ամիս պայմանաժամով:

 

Շահաւոր Գործ
«
ԱԶԴԱԿ»-ի

Տպարանը հայերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով կը պատրաստէ ամէն տեսակ տպագրական գործեր, մաքուր եւ անհամեմատօրէն աժան:

Ձեր շահուն համար անգամ մը միայն այցելեցէք:

*
*  *

Հայկական լուրերու շարքին, «Ազդակ» կարեւոր տեղ կը յատկացնէր Թուրքիայէն շարունակուող հայերու գաղթին, գաղթականներուն ապրած ողբերգութիւններուն, թշուառութեան, ինչպէս նաեւ տեղաւորման դժուարութիւններուն: 30 նոյեմբեր 1929-ին, «Հայկական նոր տարագրութիւն. անօթութիւն եւ թշուառութիւն. ազգային մարմիններ անտարբեր» խորագիրով «Ազդակ» կը գրէր.

 

«Հայ գաղթականական նոր հոսանք մը սկսած է Թուրքիայէն դէպի Սուրիական հող:

Բազմաթիւ հայեր վտարուած` իրենց հայրենիքէն, յետին ծայր թշուառութեան մէջ կ՛ապաստանին:

Մարտին եւ Տիգրանակերտի սահմանագլխին վրայ ամենամօտիկ Սուրիական գիւղերը Գամիշլի, Հասիճէ արդէն մեծկակ թիւերով հայ բեկորներ ընդունած են, որոնք անօթի եւ մերկ կը թափառին օրն ի բուն` հացի փշրանքի համար:

Վերջին երեք շաբաթուան մէջ 500-ի մօտ Խարբերդի շրջակայքի հայերէն Հալէպ եկած են. ասոնցմէ մաս մը իրենց ազգականներու մօտ մնացին, մաս մը խանի մը մէջ լեցուեցան, իսկ մեծամասնութիւնը, Էսատ փաշիի շէնքին մէջ ապաստանած աղտոտութեան եւ հակառողջապահական միջավայրի մը մէջ լքուած ու յուսահատ ապրելու դատապարտուած են:

 

Ազգային առաջնորդարանը, գրասենեակի գործունէութեան վարժ հեղինակութեան մը կռթնած, դիմումներ կը կատարէ Բարեգործականի տեղւոյս մասնաճիւղին եւ Հայ Կարմիր Խաչի վարչութեան, անմիջական օգնութեան հասնելու համար հայ տարագիրներու, քաջ գիտնալով թէ` այդ երկու հաստատութիւնները չեն կարող գործնական քայլ մը առնել` մեղմացնելու համար թշուառուներուն ցաւերը: Իսկ Առաջնորդարանը` իր խղճին պարտքը կատարածի գոհունակութամբ «տարեցոյց»ներու կապոցները կը ծրարէ, մեքենագիր հասցէները կ՛որոշէ ու փոստին կը ղրկէ: Ոչ մէկ խնամատարական մարմին կազմուած է. անօթութենէն ազատելու համար` գոնէ տեղւոյս մէջ նպաստահաւաք մարմին մը չստեղծուեցաւ: Մեծ կարիք կայ զգեստեղէնի. Տիկնանց Յանձնախումբ մը Հալէպի մէջ կրնայ զգեստներ հաւաքել ու բաժնել մերկ գաղթականներուն, որոնք մօտալուտ ձմրան ցուրտէն կը պատսպարուէին:

Այս բոլորին հանդէպ ցարդ անտարբերութիւն մը կը տիրէ Ազգ. Իշխանութեան մօտ: Այս գիշեր իսկ Խարբերդէն 200 գաղթականներ պիտի գան, չենք գիտեր թէ ո՞ւր պիտի տեղաւորուին: Լաւատեղեակ աղբիւրներէ մեր քաղած տեղեկութեանց համաձայն, Տիգրանակերտի մէջ փասփորի սպասող 1500 հայեր կան: Մարտինի մէջ 100 ընտանիքներ կը սպասեն նոյնպէս անցագրի. մէկ խօսքով 4000 հայեր եւս մի քանի շաբաթուան մէջ կը սպասուին Հալէպ եւ շրջակաները:

Քննադատելով Հալէպի առաջնորդարանը իր անտարբերութեանց համար այս բոլորին հանդէպ, պէտք է խոստովանիլ որ անմիջական օգնութիւնը Հալէպէ սպասուելէ յետոյ, իրաւունք ունինք նաեւ Սուրիոյ միւս հայրենակիցներէն եւս աջակցութիւն ակնկալել, նամանաւանդ Պէյրութի մէջ եւս հանգանակութեան ձեռնարկել, քանի պէտքը աւելի անհրաժեշտ դառնալու վրայ է: Արտասահմանի հայութիւնը նոյնպէս շարժելու է այս անակնկալ դժբախտութիւնը մեղմացնելու համար:

Կը լսենք թէ Վեհափառը արդէն իսկ պատրաստելու վրայ է կոչ մը արտասահմանի հայութեան, արդեօք պիտի լսուի այս կոչը: Նախ պէտք էր Հալէպի մէջ պատուաւոր ազգայիններէ խնամատարութիւն մը կազմել, իր ուրոյն ատենապետով ու գանձապետով եւ անոնց տրամադրուէր նպաստեղէնը. քանզի ոչ Բարեգործականը եւ ոչ ալ Հայ Կարմիր Խաչը չկրնար վերցնել այս պատասխանատու եւ բազմապահանջ պաշտօնները»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES