50 Տարի Առաջ ( 4 ապրիլ 1962 )
Հայ Կեանք
Հայ Մտքի Սերմեր Օտար Հողի Վրայ
Փրոֆ. Վիգէն Սասունիի
Գիտական Հետազօտութիւնները
Քալիֆորնիա հրատարակուող մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ի մէջ (27 մարտ) կը կարդանք.-
Տոքթ. Վիգէն Սասունի, որ վարիչն է Ուէսթ Վըրճինիայի համալսարանի ատամնաբուժական բաժնին, հրաւիրուած էր մարտ 14-16 , երեք լրիւ օրերու դասախօսութեանց շարքով մը, ներկայացնելու գանկաչափութեան` «ՍԻՖԱԼՈՄԻԹՐԻ» մէջ կատարած իր հետազօտութեանց վերջին արդիւնքները` վկայեալ ատամնաբուժներու ժողովի մը, Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին հրաւէրով:
Վիգէն Սասունիի կատարած աշխատանքները մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցին, 1958 թուականին, ամբողջ ամերիկեան մամուլին մէջ, երբ ան, ելեկտրոնային հսկայ հաշուեմեքենաներու օգնութեամբ փաստեց, որ գանկի վրայ առնուած քանի մը յատկանշական չափերու միջոցով, կարելի է ոեւէ անհատի ինքնութիւնը ճշդել:
Կ՛իմանանք միաժամանակ, որ տոքթ. Վիգէն Սասունի յառաջիկայ ամրան հրաւիրուած է Գերմանիա` ներկայացնելու իր վարկածները, ատամնաբուժներու միջազգային համագումարին:
Հայ Կրթական Հիմնարկութեան
Տարեկան Ճաշկերոյթը
500 Հոգի Ներկայ Կ՛Ըլլայ
Ֆրեզնոյի մեր պաշտօնակից «Ասպարէզէն» կը քաղենք.-
Շաբաթ, մարտ 17, տեղի ունեցաւ Հայ կրթական հիմնարկութեան տասնմէկերորդ տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկի շքեղ պարասրահին մէջ: Ծախուած էին մօտ 550 տոմսեր, ներկայ եղան հինգ հարիւր հոգի, թիւ մը, որ աննախընթաց էր:
Այս յիսուն տոլարի ճաշկերոյթը միակն է բովանդակ հայ իրականութեան մէջ: Արդէն դարձած է աւանդական: Հիւրեր եկած էին Քալիֆորնիոյ զանազան քաղաքներէն եւ հեռաւոր այլ նահանգներէ:
Երեկոյթին ատենապետեց Ճան Կոկեան` տնօրէն գանձապահը հիմնարկութեան: Նախքան ճաշի սկսիլը` հրաւիրեց ծանօթ երգիչ Եդուարդ Թորոսեանը, որ յուզումով երգեց «Հայր Մեր»-ը:
Գեղարուեստական յայտագրին մաս կը կազմէին Միջին Արեւելքէն վերջերս ժամանած Անգինէ Քէշիշեան-Մուրատեան, Արթըր Սիմքինզ եւ Այրին Ռայըն: Բոլոր արուեստագէտներն ալ մեծ վայելք պատճառեցին հանդիսականներուն, մանաւանդ` Անգինէ Մուրատեան` իր վճիտ ու մշակուած ձայնով եւ երաժշտական անուրանալի շնորհներով, առինքնեց ներկաները` ըլլա՛յ Մասքանիի իտալական արիայով, թէ հայկական զմայլելի երգերով:
Ատենապետ Ճան Կոկեան բեմ հրաւիրեց նաեւ հիմնարկութեան գործիչ- քարտուղար Բիւզանդ Կռանեանը, որ երկու պատուոյ տախտակներ ներկայացուց, մէկը` ազգային բարերարուհի Սոֆիա Լեւոն Յակոբեանին եւ երկրորդը, յետ մահու, Միհրդատ Տիգրանեանին: Տիկին Սոֆիան բացակայ ըլլալով, իր փոխարէն, պատուոյ տախտակը տրուեցաւ տիկին Յակոբեանի քրոջ որդւոյն Սնար Գազեանի, իսկ երկրորդը` ողբացեալ Միհրդատ Տիգրանեանի արժանաւոր զաւկին` Արշակ Տիգրանեանին: Պատուոյ վկայականները տրուեցան որոշումովը Հայ կրթական հիմնարկութեան անդրանիկ պատգմ. ժողովին, որ գումարուեցաւ անցեալ աշնան, Նիւ Եորքի մէջ:
Թալէաթ Փաշա Եւ Հայերը…
Պոլիս հրատարակուող «Եաքըն Թարիհիմիզ» շաբաթաթերթը վերի խորագրին տակ կը գրէ հետեւեալ տղայական տողերը.-
Լոնտոն այցելութեան առթիւ, Թալէաթ փաշային ի պատիւ ճաշկերոյթ մը սարքուած էր, որուն ընթացքին փաշան ճառախօսելով Թուրքիան կը նմանցնէր ծաղկաստանի մը եւ կ՛ըսէր. «Թուրքիոյ ոչ իսլամ հայրենակիցները այս պարտէզին բազմատեսակ ծաղիկներուն մաս կը կազմեն: Այդ ծաղիկներուն միացումով կազմուած փունջին գեղեցկութիւնը անպատում է»: Թալէաթ փաշայի այս խօսքերը խելայեղօրէն ծափահարուած են սեղանին վրայ գտնուող հայերուն կողմէ:
Պոլսոյ Կուսակալը
Պատրիարքարան Այցելած Է
Ամսոյս 30-ին Պոլսոյ կուսակալ Քեամուրան Կէօրկիւն փոխադարձ այցելութիւն մը տուած է հայոց պատրիարքարան: Կուսակալը հետաքրքրուած է պատրիարքարանով, անոր վրայով եւ պատմական անցեալով եւ Պոլիս գտնուող հայերու թիւով, Պատրիարքը լայն տեղեկութիւններ տուած է` յայտնելով, թէ 60,000-ի կը հասնի թիւը Պոլսոյ հայոց, որոնց առաջին պատրիարքարանը հիմնուած է Ֆաթիհի օրով, 1461-ին, Սամաթիոյ մէջ: Յետոյ կուսակալին ներկայացուցած կարգ մը խնդրանքներ, որոնք գրի առնուած են հիւրին կողմէ:

