Կիպրոս Կը Հաստատէ Լիբանանի Հետ Ծովային Սահմանագծումը Սրբագրելու Իսրայէլի Փափաքը
«Սաֆիր» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան Կիպրոսէն տեղեկացած է, թէ Իսրայէլ կը փափաքի Լիբանանի հետ իր ծովային սահմանագծումը սրբագրել:
Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ Լիբանանի եւ Կիպրոսի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն միջեւ արձանագրուած իրերայաջորդ այցելութիւններուն ընթացքին, ծովային սահմանագծումի հարցը մանրամասնութեամբ քննարկուած է եւ կիպրական կողմը լրջութիւն ցուցաբերած է այդ հարցին լուծման առնչութեամբ:
Այս շրջագիծին մէջ, Կիպրոս լիբանանեան կողմը տեղեակ պահած է Իսրայէլի հետ իր քննարկումներուն արդիւնքներէն:
Նշենք, որ վերոնշեալ աղբիւրներուն համաձայն, Լիբանան առաջին իսկ օրէն յայտնած է, որ ինք չի փափաքիր ուղղակի կամ անուղղակի բանակցութիւններ ունենալ Իսրայէլի հետ` ծովային սահմաններուն թղթածրարը քննարկելու հարցով:
Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր «Սաֆիր»-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումի պարագային Լիբանան կը սպասէ ՄԱԿ-ի որոշումին` նկատի ունենալով, որ Պէյրութի կողմէ շարք մը փաստաթուղթեր եւ նամակներ յղուած են ՄԱԿ-ին:
Մանսուր աւելցուց, որ Լիբանան Կիպրոսէն պահանջած է ծովային սահմանագծումին առումով գործուած սխալը սրբագրել: