Պաալպեքի Մէջ Երեք Զինուորներ Կը Վիրաւորուին

Լիբանանեան բանակի շրջուն ջոկատ մը երէկ Պաալպեքի Շարաուինա փողոցին մէջ հսկողութիւն կատարած պահուն անծանօթ զինեալներու կողմէ ենթարկուեցաւ «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետի հարուածի մը, որ վիրաւորեց երեք զինուորներ:

Այս միջադէպին պատճառով բանակը նոյն շրջանին մէջ խստացուց ապահովական իր միջոցառումները, ինչպէս նաեւ կատարեց խուզարկումներ:

Բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ «Էր. Փէ. Ժէ.»-ի հարուած ստացած բանակայինները կը փնտռէին Հասան Ապպասը, որ պահանջուած է տարբեր յանցանքներ գործելուն համար:

Բանակի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ զինուորներուն դէմ կրակ բացողներէն մէկը ձերբակալուած է, հակառակ այն իրողութեան, որ շրջանին մէջ բնակող իրաւաբաններէն մէկը զինեալներէն ոմանք պահած է իր բնակարանին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES