Ժոմպլաթ. «Լիբանանի Դիմադրութիւնը Պէտք Է Միանայ Սուրիացի Ժողովուրդին Դիմադրութեան»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կուսակցութեան «Անպա» պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուող իր շաբթուան յօդուածին սիւնակներէն ողջունեց պաղեստինցիներուն պայքարն ու զոհողութիւնը` ի խնդիր պաղեստինեան արդար դատին լուծման:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ մաղթեց, որ օր մը Լիբանանի Դիմադրութիւնը իր կարգին միանայ սուրիացի ժողովուրդին դիմադրութեան` աւելցնելով, որ Ռուսիա պէտք է արագացնէ Ասատ ընտանիքը Դամասկոսէն դուրս փոխադրելու առաքելութիւնը` փրկելու համար սուրիացի ժողովուրդը:

Նշենք, որ Քլեմանսոյի մէջ Ժոմպլաթ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES