Ֆայեզ Քարամ Աւարտեց Երկու Տարուան Բանտարկութեան Իր Պատիժը

Ֆայեզ Քարամ` ազատ արձակուած պահուն

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Ֆայեզ Քարամ երէկ աւարտեց իր դէմ զինուորական ատեանին սահմանած երկու տարուան բանտարկութեան պատիժը եւ ազատ արձակուեցաւ բանտէն: Նշենք, որ Քարամ եղաւ առաջին արգելափակեալը, որ օգտուեցաւ բանտարկութեան տարին ինը ամսուան նուազեցնելու լիբանանեան պետութեան որոշումէն:

Զինուորական ոստիկանութեան Ռիհանիէի բանտէն դուրս գալէ ետք, Քարամ անմիջապէս ուղղուեցաւ Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

Հանդիպումէն ետք Քարամ նշեց, որ ինք կառչած կը մնայ զօր. Միշել Աունի որդեգրած քաղաքական ուղեգիծին, ինչպէս նաեւ անշեղ կը մնայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան սկզբունքներէն եւ յանձնառու է կուսակցութեան բոլոր դաշնակիցներուն հետ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը պահպանելու:

«Երբ լիբանանեան պետութիւնը քայքայուելու սպառնալիքի դէմ յանդիման կը գտնուէր, մենք ամէն ինչ զոհեցինք` պաշտպանելու մեր պետութիւնը, հետեւաբար ոչ ոք կրնայ իմ անցեալս ինձմէ գողնալ», ըսաւ Քարամ:

Պատասխանելով իր ձերբակալութեան քաղաքական բնոյթին մասին հարցումի մը` Քարամ շեշտեց, որ այդ ձերբակալումն ու արգելափակումը անշուշտ քաղաքական բնոյթ ունէին:

Քարամ այցելեց նաեւ Զուք Մուսպեհի իր բնակարանը, ուրկէ ունեցաւ յատուկ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին մաղթեց, որ զինք ամբաստանող կողմերուն հետ Լիբանանի պաշտպանութեան ուղիին վրայ գտնուի երկրին դէմ որեւէ յարձակումի պարագային, յատկապէս եթէ անիկա Իսրայէլի կողմէ սանձազերծուած յարձակում է:

Ան հաստատեց, որ իր արգելափակումին ամբողջ տեւողութեան, զօր. Աուն եղած է այն հայրն ու եղբայրը, որ թիկունք կանգնած է իր ընտանիքին եւ մանրամասն կերպով հետեւած իր թղթածրարին, «որուն մասին յարմար առիթով կը խօսինք», եզրափակեց Ֆայեզ Քարամ:

Աւելի ուշ Քարամ ուղղուեցաւ իր ծննդավայրը` Զղարթա:

Share this Article
CATEGORIES