Իլհամ Ալիեւ Հակահայ Յայտարարութիւններ Կատարեց «Եւրանեսթ»-Ի Խորհրդաժողովին. Հայկական Պատուիրակութիւնը Խստիւ Բողոքեց
«Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին մասնակցող հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Յովհաննէս Սահակեան երէկ Պաքուէն «Երկիր»-ին յայտնեց, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Եւրանեսթ»-ի լիագումար նիստին ընթացքին, անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին, անսպասելի ելոյթ մը ունեցած է:
Սահակեան ընդգծեց, որ Ալիեւի ելոյթը բաւական կարծր շեշտադրումներով էր եւ յստակ էր, որ ելոյթը ուղղուած էր նաեւ եւրոպացի գործընկերներուն: Ըստ Հանրապետական կուսակցութեան գործիչին, Ալիեւ իր հին երգը կ՛երգէր, կը խօսէր «բռնագրաւուած տարածքներուն» մասին եւ կ՛ըսէր, թէ հայերը ֆաշականներ են, Ցեղասպանութիւն իրագործած են, կիներ եւ երեխաներ սպաննած են: Ան աւելցուց, որ ելոյթը բաւական երկար էր եւ անսպասելի, քանի որ սկիզբէն ըսուած էր, որ «Եւրանեսթ»-ը այսպիսի ելոյթներու բեմ չէ:
«Եւրանեսթ»-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան` հակազդելով Ալիեւի հակահայ յայտարարութիւններուն, «Եւրանեսթ»-ի խորհրդարանական վեհաժողովին գրաւոր կերպով ներկայացուց հայկական պատուիրակութեան բողոքը:
Վեհաժողովի մասնակիցներուն բաժնուած փաստաթուղթին մէջ նշուած էր հետեւեալը.
«Ես կը ցանկայի ետ կանչել այն նամակը, որ ուղարկած եմ Բիւրոյի բոլոր անդամներուն մինչեւ «Եւրանեսթ»-ի երկրորդ լիագումար նիստը, որ տեղի ունեցաւ Պաքուի մէջ:
«Ես փորձած եմ զգուշացնել Բիւրոյի բոլոր անդամներուն, որ այս վեհաժողովը կրնայ չարաշահուիլ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք յայտարարութիւններ կրնան ընել` վնասելով համագործակցութեան հիմնական ոգիին:
«Դժբախտաբար մենք Պաքուի մէջ ականատես եղանք այն փաստին, որ կը կանխատեսուէր. «Եւրանեսթ»-ի խորհրդարանական վեհաժողովը վերածուեցաւ պատմութեան անբարեխիղճ ընթերցման եւ միջազգային իրաւունքի կողմնակալ մեկնաբանման վրայ հիմնուած հակահայկական քարոզչութեան դաշտի:
«Եւրանեսթ»-ի հայկական պատուիրակութիւնը իր խորին դժգոհութիւնը կը յայտնէ Ազրպէյճանի կողմէ հիւրընկալութեան արտօնութիւնները չարաշահման առնչութեամբ: Մենք կոչ կ՛ուղղենք վեհաժողովին աւելի զգուշութեամբ ընտրելու կայացման վայրը, որպէսզի չհնչեն յայտարարութիւններ, որոնք կրնան ոչնչացնել փոխըմբռնման, համագործակցութեան ոգին, զոր մենք ձեռք բերած ենք բազմաթիւ խնդիրներ յաղթահարելով:
«Կը վախնամ, որ այդ խնդիրները կրկնուին»:
Հայկական պատուիրակութեան անդամ, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան ելոյթ ունեցաւ իբրեւ պատասխան Ալիեւի ելոյթին:
Ան ընդգծեց, որ Հայաստան միացաւ «Եւրանեսթ»-ին` վստահ ըլլալով, որ Արեւելեան համագործակցութիւնը համայնք մըն է, որուն բոլոր անդամները ունին հաւասար պարտականութիւններ, սկզբունքներ, արժէքներ եւ կը յարգեն միջազգային իրաւունքի հիմնական սկզբունքները եւ ազատութիւնը:
Լիլիթ Գալստեան նշեց, որ Հայաստան միացաւ «Եւրանեսթ»-ին` վստահ ըլլալով, որ կարելի պիտի ըլլայ միացեալ ուժերով ստեղծել քաղաքական եղանակ, ուր կառուցողական երկխօսութիւններ տեղի պիտի ունենան` հիմնուած ըմբռնումի եւ յարգանքի վրայ:
Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, դժբախտաբար երէկ վեհաժողովը սկսաւ այնպիսի յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ ոչ միայն կը բացակայէր իրավիճակի առարկայական նկարագրութիւնը, այլեւ ատիկա խոչընդոտ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար: Ատիկա նաեւ կը խանգարէ «Եւրանեսթ»-ի խորհրդարանական վեհաժողովին` ստեղծելու քաղաքական շրջանակ անդամ երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւն եւ ժողովրդավարութիւն ձեւաւորելու:
Իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան անդամ եւ Ընկերվար միջազգայնականի անդամ, Լիլիթ Գալստեան անհանդուրժելի գտաւ այն հանգամանքը, որ իրեն կ՛ընդունին իբրեւ ֆաշական, անկախ անկէ, թէ ո՛վ այսպիսի յայտարարութիւն կը կատարէ եւ յատկապէս` այն երկրին մէջ, ուր իրենց ընկերվար ընկերները կը ձերբակալուին` քաղաքական հայեացքներ ներկայացնելու պատճառով:

