Զուիցերիա Պաղըշի Դէմ Դատական Հարց Պիտի Չյարուցէ

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար զուիցերիական դատարանի մը առջեւ պիտի չկանգնի:

Նախնական հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկած է, որ Պաղըշ Զուիցերիոյ մէջ գտնուելու ընթացքին դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն ունեցած է եւ անոր դէմ դատական հարց յարուցել կարելի չէ:

Նշենք, որ Ցիւրիխի ընդհանուր դատախազը Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն դիմած էր` յստակացնելու համար, թէ Պաղըշ դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն ունեցա՞ծ է:

Երկուշաբթի օր դատախազութեան ներկայացուցիչը այս հարցով մամլոյ ասուլիս մը տուած է:

«Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշի 30 յունուար 2012-ի յայտարարութիւնները տեղ գտած են թէ՛ մամուլին, թէ՛ պատկերասփիւռի կայաններու եթերին մէջ: Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ուղղուած հարցումին իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկաւ, որ Էկեմեն Պաղըշ այդ յայտարարութիւնը կատարելու ընթացքին դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն ունեցած է, ուստի դատական գործի սկսիլ կարելի չէ», ըսած է ան:

Պաղըշ Տաւոսի տնտեսական համախմբումին ընթացքին յայտարարած էր, որ «1915-ին Հայոց ցեղասպանութիւն չէ եղած, թող գան եւ զիս ձերբակալեն»: Այդ յայտարարութենէն ետք 6 փետրուարին Զուիցերիոյ ընդհանուր դատախազութիւնը հետաքննութեան սկսած էր:

Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, թուրք նախարարը ջանքեր թափած է, որ «անձեռնմխելիութիւն ունենալու» համար որոշում տրուի:

 

Share this Article
CATEGORIES