Ի՞նչ Կ՛Ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Շատ մի՛ յոգնիք, հեւքոտ աշխատանք մի՛ կատարէք, ձեր եռանդէն քիչ մըն ալ վաղուան համար պահեցէք: Խոհեմ եղէք: Օրը լաւ է:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրը սիրով յորդուն է: Ձեր աչքերը չորս կողմ դարձուցէք տեսնելու համար ձեր վրայ սեւեռուած աչքերը: Օրը ունի գեղեցիկ ժամեր:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դժուար է մխիթարել ձեզի մօտիկ անձ մը, որ յուսահատութեան մէջ է: Ձեր համոզիչ խրատներով ջանացէք վերադարձնել իր յոյսը եւ կորովը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այս իրիկուն դուրս ելլելու լաւ առիթներ պիտի ունենաք. երգահանդէս մը կամ շարժանկար մը պիտի հետաքրքրեն ձեզ: Երեկոն հաճելի պիտի ըլլայ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ոչ մէկ նախաձեռնութիւն կատարեցէք` առանց առնելու կարծիքը ձեր մեծաւորներուն: Իւրաքանչիւր անձ ունի տալիք խորհուրդ մը, լսեցէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընդունեցէք ձեզի ուղղուած գնահատական խօսքերը` իբրեւ անկեղծ արտայայտութիւն: Այսպիսի գնահատականներ կը քաջալերեն ձեզ յառաջդիմելու:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուշադիր եղէք ձեր մտերմիկ մէկ պահուն ամէն գաղտնիք չըսելու ձեր խօսակիցին, որքան ալ վստահելի նկատէք զայն: Կեանքը փոփոխական է:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ուշ ժամերուն մի՛ քնանաք: Քունն ալ ունի իր իրաւունքը, որպէսզի օգնէ ձեր առողջութեան եւ ձեր տրամադրութեան բարձր պահպանման:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կը կասկածիք ձեր ունեցած կարողութեան: Գաւաթ մը ջուրի մէջ խեղդուելու պէտք չունիք: Ինքնավստահ մնացէք, որպէսզի վստահին ձեզի:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ տեղափոխութեան կամ տեղ մը երթալու հարց ունենաք, մի՛ կարծէք, որ զբօսաշրջութիւն կը կատարէք: Ամէն ինչ իր կարգին կարելի է:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այսօր լաւատեսութեամբ լեցուն տրամադրութիւն պիտի ունենաք: Մնացէք նոյն մթնոլորտին մէջ, ինչ որ առողջ ըլլալ կը նշանակէ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր անկիւնին մէջ առանձին մի՛ մնաք: Խնդացէք կեանքին, որպէսզի ան ալ ձեզի խնդայ: Զուր տեղ յոռետեսութիւն մի՛ ցուցաբերէք, լաւատես եղէք:

Share this Article
CATEGORIES