50 Տարի Առաջ ( 5 ապրիլ 1962 )

Հայ Կեանք

Լոս Անճելըսի Ձեռնարկին
Բացառիկ
Յաջողութիւնը

10,500 Տոլար Կը Հանգանակուի Տեղւոյն Վրայ

Լոս Անճելըսէն կը գրեն «Հայրենիք»-ին.

Անցեալ կիրակի, մարտ 25-ին, տեղւոյս Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական կոմիտէին հովանաւորութեամբ կազմակերպուած հրապարակային ճաշկերոյթ հանդէսը:

Հաւաքոյթին ներկայ եղան աւելի քան 500 հոգի, որոնց կարգին` ազգային ծանօթ դէմքեր եւ պաշտօնական մարմիններու ներկայացուցիչներ, որոնք յանուն իրենց կազմակերպութեանց` մեծ գումարներով մասնակցեցան հանգանակութեան: Տեղւոյն վրայ գոյացաւ 10,431 տոլար:

Հաւաքոյթին նպատակին շուրջ արտայայտուեցան «Հայրենիք»ներու խմբագրապետ եւ ծանօթ մտաւորական Ռուբէն Դարբինեան` Պոսթընէն, օրուան ատենապետ Հերի Քարեան, իրաւաբան Սուրէն Սարոյեան` Սան Ֆրանսիսքոյէն եւ ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ` Զարեհ Զարգուն:

Օրուան գեղարուեստական բաժնին իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերին` օփերայի ծանօթ երգչուհի Իրինա Չիլինկիրեան եւ Պուքրէշի ձայնասփիւռի կայանի յայտնի երգչուհիներէն Շաքէ Շիշմանեան: Ապրումով եւ իրեն յատուկ թրթռուն ձայնով արտասանեց Մինա Շիրվանեան:

Նոյն օրը, 25 մարտին, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ հանգանակութիւն կատարուած է Էքրընի փոքրաթիւ գաղութին մէջ եւ որմէ գոյացած է 1200 տոլար:

Հայ Ուսանողի Մը Բացառիկ Յաջողութիւնը

Խաչիկ Թէօլէօլեան, Մեսեչուսեցի Ուոթըրթաուն քաղաքէն, բարձրագոյն դպրոցի ուսանող մը, ընտրուած է իբրեւ անդամ Քում Լաւուտէ ընկերակցութեան, որուն կրնան մասնակցիլ միայն ամենաբարձր նիշեր ստացող ուսանողները:

Ան զաւակն է տէր եւ տիկին Մինաս Թէօլէօլեաններուն, որոնք ծանօթ են հայրենական շրջանակներու մէջ իրենց գործունէութեամբ:

Խաչիկ Թէօլէօլեան մտադրած է քոլէճական ընթացքէն ետք հետեւիլ բժշկութեան: Ան անդամ է Մեոֆըրտի ՀՅԴաշնակցութեան կոմիտէին:

Սոյն տեղեկութիւնը թարգմանեցինք «անգլերէն հրատարակուող «Արմինիըն Ուիքլիէն»: Իբրեւ լրացում` յայտնենք, որ Խաչիկ Թէօլէօլեան, ընթացիկ յորջորջումով` Խաչոն, իր նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ: Դեռ երկու տարին չէ լրացած իր Ամերիկա հաստատուելուն:

Տարեկան Ընդհանուր Ժողով «Յուսաբեր»
Մշակութային
Ընկերակցութեան, Գահիրէի Մէջ

Ամսոյս 30-ին գումարուած է «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան տարեկան ընդհանուր ժողովը, «Յուսաբեր»-ի տան «Նաւասարդ» սրահին մէջ, անդամներու ստուար մեծամասնութեան ներկայութեան:

Նախագահած է ընկերակցութեան նախագահ Աւետիս Չագըճեան: Կարդացած է ընկերակցութեան անցեալ տարեշրջանի գործունէութեան տեղեկագիրը, որմէ պարզուած է, թէ ընկերակցութիւնը բարոյական ու նիւթական փայլուն գործունէութիւն մը ունեցած է: Սատարած է հայեւարաբ մշակութային կապերու սերտացման` իր թատրոնը տրամադրելով պատկերասփիւռի վարչութեան քաջալերած է եւ նիւթապէս օգնած «Յուսաբեր»-ին:

Ընկերակցութիւնը նոր յաղթանակ մը արձանագրած է նիւթական եւ բարոյական մեծ զոհողութեանց գնով` աւարտելով Հելիոպոլսոյ ակումբին կառուցումը:

Նուպար Կիւլպենկեան` Թուրքի Մը Ակնոցով

Պոլսոյ «Ենի Սապահ» թերթը կը գրէ.-

«Ես հայ եմ, թախծոտ ու միօրինակ բաներէ չեմ ախորժիր»:

Նուպար Կիւլպենկեան այս խօսքերը ըսելով` ներս մտնող ծառային ըսաւ. «Մեզի երկու քոնեաք բեր», յետոյ բուրօ մը ընտրելով` աւելցուց. «Երեսուն տարիէ ի վեր բուրոներս թէեւ նոյն հաստատութեան կ՛ապսպրեմ, բայց Քասթրօ իշխանութեան գլուխ գալէ ետք բուրոներն ալ աւերուեցան»:

Կիւլպենկեան նախաճաշէ  վերջի բուրոներ, կէսօրուան ճաշի բուրոներ, թէյի վերջի բուրոներ գիշերուան ճաշէ վերջի բուրոներ ունի:

Միլիոնատէր Նուպար Կիւլպենկեան ցոյցէ ախորժող մարդ մըն է:

Երբ իրեն կեանքի իմաստասիրութիւնը հարցուցինք, պատասխանեց. «Վիտէօ մէլքորա բրօպօքէ տէթէրիօրա սէքօր»: Այս լատիներէն խօսքը Օվիտիոսին կը պատկանի:

Հոգեհանգիստ Աթէնքի Հայոց Եկեղեցիին Մէջ`
Եթովպիոյ
Կայսրուհիին Համար

Աթէնքի մեր պաշտօնակից «Ազատ օր»-ի մէջ կը կարդանք.

Անցեալ երկուշաբթի, մարտ 26-ին, յունահայոց թեմակալ առաջնորդ սրբազան հօր բարեհաճ թոյլտուութեամբ, Աթէնքի Ս. Գ. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Եթովպիոյ` Աթէնքի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ, հոգեհանգստեան մասնաւոր արարողութիւն կատարուեցաւ ի յիշատակ Եթովպիոյ կայսրուհի Մենենի, անոր մահուան քառասունքին առիթով:

Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարուեցաւ եթովպիական ծիսակատարութեամբ եւ լեզուով` Աթէնքի աստուածաբանական վարժարանը ուսանող եթովպիացի կրօնաւորներուն կողմէ: Ներկայ էին` Եթովպիոյ գործակատարը, դեսպանատան պաշտօնեաները, եւ Աթէնք բնակող եթովպիացիները:

 

Share this Article
CATEGORIES