Ապօրինի Գաղթականներու Դէմ Յունական Միջոցառումներ

Յունական իշխանութիւնները յայտարարեցին նոր միջոցառումներ, ըստ որոնց, ապօրինի գաղթականները անժամկէտ բանտարկութեան պիտի ենթարկուին, «եթէ փաստուի, որ հասարակական առողջութեան վտանգ կը ներկայացնեն»:

Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան կազմակերպութիւնները կառավարութեան քայլը «շատ մտահոգիչ» նկատեցին: Կառավարութեան խորհրդարան ներկայացուցած բանաձեւը իշխանութիւններուն կ՛արտօնէ ապօրինի գաղթականները անժամկէտ կերպով ձերբակալել` անոնց բժշկական քննութիւններ կատարելու եւ, ի պահանջել հարկին, զանոնք ՍԻՏԱ-ի եւ այլ վարակիչ հիւանդութեանց դարմանումի ենթարկելու համար:

Իշխանութիւնները կը ծրագրեն երեսուն նախկին զօրանոցներ անոնց համար արգելափակման վայրերու վերածել: Կը նախատեսուի, որ նշեալ օրինագիծը խորհրդարանի քուէարկութեան համար ներկայացուի 11 ապրիլին:

Յունական կառավարութիւնը կը յայտնէ, որ այդ գաղթականներուն հետ խիստ կերպով վարուելու այլընտրանքը չունի, որովհետեւ 11 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրին մէջ անոնց թիւը հասած է շուրջ մէկ միլիոնի:

Share this Article
CATEGORIES