Պուէնոս Այրեսի Մէջ Ցուցարարներ Բրիտանիոյ Դեսպանատան Վրայ Յարձակած Են
Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի մէջ Ֆոլքլանտի պատերազմի հարցով կատարուած ցոյցին մասնակիցները յարձակած են Բրիտանիոյ դեսպանատան վրայ:
Ֆոլքլանտեան պատերազմի 30-ամեակին նուիրուած ցոյցը վերածուած է արժանթինեան ոստիկանութեան հետ բախումներու, այն բանէն ետք, երբ ցուցարարները սկսած են քարեր եւ պայթուցիկներ նետել Բրիտանիոյ դեսպանատան վրայ:
Մինչ այդ, անոնք այրած էին Բրիտանիոյ դրօշը եւ գահաժառանգ Ուիլիըմի նկարը: Ոստիկանները կիրարկած են յատուկ միջոցներ, ներառեալ` արցունքաբեր կազ, ջրաշիդ մեքենաներ եւ ռետինէ փամփուշտներ:
CATEGORIES Միջազգային

