«Պաքու Իսրայէլին Ռազմակայան Պիտի Չտրամադրէ» Կ՛Ըսէ Նուլընտ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց այն լուրերը, թէ Իրանի հետ հակամարտող Իսրայէլ իրաւունք ստացած է Ազրպէյճանի ռազմակայանները օգտագործելու:
Մեկնաբանելով նշեալ լուրերը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ լրագրողներուն յայտնած է, որ անոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ:
«Ես չունիմ որեւէ տեղեկութիւն, որ ըսուածին մասին վկայող փաստացի հիմք կրնայ ունենալ», ըսած է Նուլընտ:
«Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթի ելեկտրոնային տարբերակը նախորդ շաբաթ հաղորդագրութիւն հրապարակած էր, ըստ որուն, Պաքու Իսրայէլի թոյլատրած է Իրանի դէմ յարձակում գործելու համար իր ռազմակայաններէն օգտուիլ:
Վերջերս Թեհրան իր այցելութեան ժամանակ, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ յայտնած էր, որ իր երկիրը պիտի չարտօնէ, որ իր տարածքը օգտագործուի Իրանի դէմ:


