Իրան Պատրաստ Է Միացեալ Նահանգներուն Կործանիչ Հարուած Հասցնելու

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ներկայացուցիչ Մասուտ Ճազայէրիի յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Թեհրան Իրանի դէմ զինուորական յարձակումի մը պարագային պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու տարածքին մէջ կործանիչ պատասխան հարուած հասցնելու:

«Որեւէ յարձակումի պարագային մեր կողմէ պիտի յաջորդէ կործանիչ պատասխան: Այդ պարագային մենք ոչ միայն Միջին Արեւելքի եւ Պարսից ծոցի սահմաններուն մէջ պիտի գործենք, այլ նաեւ նոյնինքն Միացեալ Նահանգներու տարածքին մէջ, ոչ մէկ տեղ մեր յարձակումներէն ապահով պիտի ըլլայ»:

Ճազայէրի ընդգծած է, որ Իրան երբեք նախայարձակ պիտի չըլլայ:

 

Share this Article
CATEGORIES