ՍԱՐԷՆ ՁՈՐԷՆ
Նոր եղանակ սկսաւ. գարուն է: Ասոր բերած անուշ ջերմութեան, ծաղիկներուն, թռչուններուն եւ, ընդհանրապէս, ձմեռնային թմրութիւնը մէկդի նետելուն կողքին, տեսնենք, թէ ի՛նչ կայ մեր սարերուն վրայ եւ ձորերուն մէջ…
Սկսինք մերօրեայ «Նոր Հայաստան»էն… չխնդաք. ժամանակին մենք կրցանք մենք մեզի պարտադրել եւ Կիլիկիոյ տէրերը դառնալ. հիմա ալ կարծէք Կլենտէյլը պիտի դարձնենք մերինը… Արդէն իսկ Հայաստանի մէջ բազմած պատկերասփիւռի (հեռուստացոյց պէտք է ըսել թերեւս) կայաններ, փոխան «Հայաստան` երկիր դրախտավայր» երգելու, կը փառաբանեն Կլենտէյլը… Աստուծմով, ամէն բան կարելի է. ասոնց ալ ցաւը տանենք…
Այդ եդեմի՜ն մէջ, Ամերիկա, մենք զմեզ չենք արժեցներ որպէս պարկեշտ մարդ, որ իր ճակտի քրտինքով կ՛ապրի: Իրաւունք չունինք հայու վարկը սեւցնելու` յանուն զեխ կեանքի:
Իրաւունք չունին յատկապէս մեր նախկին հայրենի հայրենակիցները, տասնեակ հազարներով, ամերիկեան «բանտի հաց» ուտել, որքան որ համե՜ղ ըլլայ անիկա…
Հայկական դպրոցի մը պաշտօնանկ եղած տնօրէնը խաչակրութեան մը ձեռնարկած է, անշուշտ` համացանցի վրայ, սոյն վարժարանի մեծաւորին դէմ: Չեմ գիտեր, թէ ո՞վ է յանցաւոր` ո՛վ արդար: Բայց ի՜նչ սրտով, ի՛նչ խղճով (անշուշտ եթէ իրաւացի է տնօրէնը) եկեղեցականի շատ բարձր կոչումի տէր մարդը հարիւր հազարաւոր տոլարներ պիտի մսխէ (գիտութեամբ կամ անգիտութեամբ) դպրոցին սնտուկէն: Դպրոցը, որ ծով զոհողութեանց գնով կը հաստատուի, նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան եւ կրթութեան համար է: Իրաւունք չունին մարդիկ, զայն աղտոտ լուացքի տուն դարձնելու…
Հայրենի հողին վրայ ամէն բան եոլա չերթա՜ր:
Կ՛ըսուի, որ հայ ներդրողներ սկսած են իրենց պիզնեսները Հայաստանէն Վրաստան փոխադրել: Ասիկա իր արդարացուցիչ պատճառները ունենալու է: Մարդիկ դիւրին¬դիւրին աշխատավայր չեն փոխեր: Հիմնական պատճառներէն մին ծանրածանր տուրքերն են: Համաշխարհային իրողութիւն է, որ դրամագլուխ ըսուածը նախ վախկոտ կ՛ըլլայ. վտանգը հազիւ զգացուած` տուեալ դրամագլուխը կը ջանայ աւելի ապահով տեղ գտնել: Նաեւ եւրոպական եւ ամերիկեան շատ մեծ գործեր գացած ու հաստատուած են այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր պետութիւնը տուրքերու հարցին մէջ ճկուն կամ ներողամիտ է:
Այս իրողութենէն ինչո՞ւ դաս չեն առներ մեր հայրենի իշխանութիւնները: Ճիշդ է, որ տուրքը, իր զանազան ձեւերով անմիջական եկամուտ կ՛ապահովէ պետութեան, բայց միւս կողմէ կը վախցնէ գործատէրը: Այլ ձեւերով հարկ է գոյացնել պետական եկամուտները:
Այո, պէտք է նկատի ունենալ մեր երկրին արդէն իսկ շատ աննպաստ կացութիւնը դրամական ներդրումներու գծով. ծո՜վ չունինք: Երբ ներածումներն ու արտածումները կախեալ են մեր ոչ բարեացակամ հաւատակից Վրաստանէն, բնականաբար մարդիկ չեն քաջալերուիր: Դեռ պէտք չէ մոռնալ, որ թուրքն ու ազերին (անկախութեան առաջին օրէն) իրենց հաստատած երկարատեւ շրջափակումով եւ պաշարումով արիւնաքամ կ՛ընեն մեզ: Ասոնց պակաս ձգածը մեր հայրենի իշխանութիւնները կ՛ամբողջացնեն, ցա՛ւ ի սիրտ…
Վրաստանն ալ, իր կարգին, շատ մեծ դիւրութիւններ կ՛ընծայէ եղեր այս ներդրողներուն: Ինչո՞ւ չընծայէ… հայերու դրամը կը սիրուի, նոյնիսկ եթէ հայեցիութիւնը ցանկալի չէ՜ մեր դրացիներուն համար…
Այս եւ շատ ու շատ պատճառներով` անգործութիւն, արտագաղթ, քաղաքական ապիկարութիւններ եւ անհանդուրժողութիւն, պիտի հասցնեն մեզ «լոպանովեան երազ»ին… Հայաստան առանց հայու…
Հիմա Երեւանի սրտին վրայ ցոյց է: Մէկ կողմէ նախկին նախագահն է` Լեւոն Տէր Պետրոսեան, որ պարբերաբար շուրջը կը հաւաքէ քիչ մը խայտաբղէտ քոնկրեսական ցուցարաներ: Ամառ թէ ձմեռ չի հարցներ, ե՛րբ որ ախորժակը ուզէ, շուրջպարի կ՛ելլէ, պայմանաւ որ գլուխ բռնէ: Սանկ¬նանկ, մարդը նախագահութիւն կ՛ուզէ: Իրաւունքն է. գէթ այդ ձեւով հաւանաբար ի կատար ածէ իր հիմնական պլանը: Առաջին նախագահական շրջանին սկսուած քաղաքականութիւնը եթէ շարունակուի, բոլորս ալ կը փրկուի՜նք Հայաստան կոչուած բանէն, որ ոմանց համար արդէն իսկ զուտ գլխացաւանք է…
Պր. Տէր Պետրոսեանի ցոյցին դիմաց կամ կողքին, առանձին մարդ մը ցոյցի ելած էր: Պր. Րաֆֆի Յովհաննէսեան, անկախ Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարարը, որ Պոլսոյ սրտին վրայ պաշտօնապէս ծանուցած էր Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Մարդ կրնայ հարց տալ, թէ իր ինչո՞ւն էր պէտք թողուլ իր լայն կարելիութիւնները Ամերիկայի մէջ եւ հաստատուիլ Հայաստան, ուր այնքան ալ փնտռուած չէ թերեւս: Վերջ ի վերջոյ ան ալ աղբար է: Ի՛նչ որ է:
Այս մարդը հացադուլի դիմած էր: Ըստ երեւոյթին, բաւական ալ հետաքրքրութիւն ստեղծած էր: Անշուշտ կարգ մը քարոզչամիջոցներ չէին իսկ նկատեր զայն. սուտ խուլ եւ կոյր կը ձեւանային: Քաղաքական դէմքեր որոշ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն. ոմանք սանկ` քիչ մը ամչնալով, ուրիշներ ինքնաբուխ կերպով: Այդ բոլորը բնական են:
Այս մարդուն կողքէն անցնղ գերա՜ստղ ԼՏՊ (ուրիշներու համար ԼԹՓ, ինքնին հարց մը, որ բաւական մելան կը հոսեցնէ), չէ իսկ զիջած իր նախկին արտաքին գործոց նախարարին բարեւ մը տալ: Նոյնիսկ քիչ մըն ալ ափեղցփեղ բաներ ալ յայտարարած է… Իրմէ ( ԼՏՊ կամ ԼԹՓ) զատ փայլող բան պէտք չէ՜ Հայաստանին…
Հիմա որ պր. Յովհաննէսեան, տեղի տալով ոմանց թախանձանքներուն, դադրեցուցած է այդ մենահացադուլը, վստահ եմ, որ բան մը փոխած ըլլալու է մեր քաղաքական մշակոյթին մէջ, եթէ կայ այդպիսի մշակոյթ: Յամենայն դէպս օրհնուած հացը ձեռք առաւ քաղաքագէտը: Անո՛ւշ ըլլայ: Առ այժմ միակ շօշափելի արդիւնքը այս մենացոյցին Րաֆֆիին բաւական երկնցած եւ ճերմկած մօրուքն էր:
Հայաստանի մէջ ընտրական օրէնք մշակելու գործընթաց կայ: Ընդդիմութեան առաջարկը արդէն իսկ մերժուեցաւ: Իշխանական շրջանակները իրե՛նցը անցուցին: Անբնական բան չէ, «կոնկրետ» մեծամասնութիւն ունին մարդիկը: Այս փոփոխութիւնները, եթէ գործադրութեան դրուին, կառավարման հետեւեալ դրութիւնը կը հաստատուի, աւելի ճիշդը` արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող կարգուսարքը աւելի կը «կոնկրետանայ». փոքր շեֆէն մեծ շեֆ, անկէ աւելի բարձադիր շեֆ, յետոյ ա՛լ աւելի մեծ շեֆ, նորէն աւելի բարձր շեֆ… մինչեւ շեֆերուն շեֆին հասնի որոշում տալու կամ մերժելու բացարձակ իրաւունքն ու երանաւէտութիւնը: Այսպիսի դրութիւնը աւելի կ՛ամրապնդէ տիքթաթուրան, որ կը նպաստէ Լոպանովեան երազի իրագործման: Ի մէջ այլոց, Լոպանով, ցարական Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներէն, իր այս երազը «տեսած է» ասկէ շուրջ մէկուկէս դար առաջ: Անջնջելի երազ է, որ շա՜տ շատերու փայփայանքին կ՛արժանանայ ցարդ…
Լաւին լաւ ըսելը պարտականութիւն է: Մեր հանրապետութեան նախագահը, վերջապէս, առնականութեան եւ արութեան առաւելագոյն կեցուածք ճշդեց անցեալ օր, երբ բացէ ի բաց յայտարարեց, որ Ի՛ՆՔ պիտի ըլլայ Երեւան¬Ստեփանակերտ առաջին օդանաւին առաջին ուղեւորը: ԱՊՐԻ՛Ս, նախագահ ջան: Այս արի կեցուածքը արդէն իսկ իրարու անցուցած է Ազրպէյճանի «չալղճիները», որոնք կը նկրտէին վար առնել օդանաւը, որ իբր թէ իրենց «գերիշխանութիւնը կը բռնաբարէ» եղեր: Ազերիներ հին թէ նոր ամէնէն թունդ ահաբեկչական կազմակերպութեանց վրայ լեմոն քամելու չափ յառաջ գացեր են: Պէն լատեններ կրնան դաս առնելու համար դիմել ազերի մեր դրացիներուն:
Ինքնավստահութեամբ կրնանք բարձրաձայնել. շնորհաւո՛ր ըլլայ Արցախի օդակայնը: Միայն մէկ խնդրանք. հարկ է, որ այդ արդիական հաստատութիւնը Արցախի բնակչութիւնը խտացնելու եւ ստուարացնելու ծառայէ եւ ո՛չ` նօսրացնելու: Կռունկի նմանող գլխաւոր կառոյցը պէտք չէ, որ արցախցիները վերածէ մէկական մերօրեայ «կռունկ»ի, որմէ պահանջուի «աւետիս»ներ տանիլ նախապէս մեկնածներուն…
Տաւութօղլուն ալ իր էշը յառաջ կը քշէ հայկական բեմին վրայ համակիրներ գտնելու եւ շահելու համար: Նոյնիսկ ապրիլ 24 նշելու ծրագիրներ կը մշակէ եղեր: Անշուշտ այսպիսի նշում մը, ալաթուրքա, չենք գիտեր, թէ ի՛նչ բնոյթ կամ հանգամանք կրնայ ունենալ: Այսպիսի նշում մը աչքի փոշի կրնայ ցանել եւրոպացիներու եւ ամերիկացիներու աչքերուն: Անշուշտ Հայ դատին աչքը հանելու ձգտող բան պիտի ըլլայ այս մէկը: Մեղադրելի չէ՜:
Այս մարդուն վերջին նորարարութիւնը Տարօն Աճեմօղլու գիտնականին թեկնածութիւնը առաջարկելն էր, որ ան դառնար Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան: Մեր կողմերը ասոր կ՛ըսեն վարպետի հարուած (տարպըթ մուալեմ): Կ՛երեւակայէ՞ք, Ֆրանսայի պէս երկրի մը մէջ, ուր այնքան մեծ գաղութ ունինք, թրքական պետական եւ ոչ պետական ուրացումի ղեկը պիտի յանձնուէր հայորդիի մը: Ըսենք, շնորհիւ Տաւուտօղլիի գիւտին, գոնէ իմացանք, որ հայերս ունինք Նոպէլեան մրցանակին գիտական գործ ներկայացնելու (երկու անգամ) չափ մեծ գիտնական: Շնորհակա՜լ ենք Տաւութօղլու:
Դատելով թրքահայ գիտնականին անունէն, Տարօն, մարդը հայրենասէր ծնողներու զաւակ եղած ըլլալու է: Հայրով¬մայրով ուսուցիչ են եղեր: Այլապէս այդ անունը չէր տրուեր իրեն, այն ալ` Թուրքիոյ սրտին վրայ, ասկէ շուրջ 40¬50 տարի առաջ: Կ՛երեւի, թէ սասունցիական բան մը կայ մարդուն արեան մէջ:
Տարօն մերժեր է այս խիստ ցանկալի պաշտօնը: Շա՛տ ապրի: Այլապէս օրական դրութեամբ «վասակական» դիրքի վրայ պիտի գտնուէր: Իրմէ պիտի ակնկալուէր, շատ բնական էր այդ, որ ոգի ի բռին պայքարէր Ցեղասպանութեան ուրացման անպատժելիութեան պայքարը իր պետութեան` Թուրքիոյ, շահերուն համեմատ դասաւորել, հայկական շրջանակներու հետ, ուղղակի թէ անուղղակի, կապ հաստատելով թրքական քարոզչութիւնը յառաջ մղէր:
Փա՜ռք Աստուծոյ, մարդը հրաժարեր է: Այդպէս կը լսենք: Եթէ` այո՛, Տաւութօղլուն, որ այս վերջերս գրեթէ ամէնուրեք ձախողութիւններ կ՛արձանագրէ, ուրիշ ձախողութիւն մըն ալ շնորհեց ինքն իրեն: Լա՛ւ է, կը խնայուի մեզի իր յաղթանակի ծաւալուն, բայց շատ անտանելի ժպիտը…:
Վերջին պահուն կ՛իմանանք, որ առաջարկուած պաշտօնը ոչ թէ քաղաքական, այլ տնտեսական շրջանակի մեծ կազմակերպութեան մը մօտ դեսպանութիւն է եղեր: Տակաւին այդ եւս թրքական քարոզչական կառքին լծուիլ պիտի նշանակէր: Պռաւօ՛ Տարօն:
Մեր օձիքը բաց ձգելու միտք չունի սա Տաւութօղլուն: Հիմա կը յաւակնի, որ սփիւռքի հայութիւնը նաեւ թրքակա՜ն պետութեան սփիւռքն է, որովհետեւ թրքական պետութեան սահմաններէն հեռանալով` այդ սփիւռքը կազմեր ենք: Իրաւո՞ւնք, թէ՞ պարտականութիւն, ի՞նչն է ուզածը: Եթէ այդքան հեռուները երթալ յանձն առնելու չափ համարձակութիւն ունի, սա մարդը թող քիչ մը եւս յառաջանայ եւ բացատրէ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս Թուրքիան լքելով «սփիւռքացուեր» ենք: Ինքն ալ կը հանգչի, իր պետութիւնն ալ, Միացեալ Նահանգներու նախագահն ալ…
Իսկ մենք ի՞նչ ակնկալելիք ունենալու ենք, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր սփիւռքի նախարարուհի տիկնոջ` Հրանուշ Յակոբեանի կացութիւնը: Իր գործը պիտի դիւրացուի՞, թէ՞ աւելի պիտի կնճռոտի…
Արձանագրենք, որ Հայաստանի հայութիւնը, իր կարգին, Թուրքիոյ մէջ գաղութ ունենալու չափ ժրաջան եւ տենդագին աշխատանքի լծուած է: Տարին մէկ միլիոն հայ, Հայաստանէն, Թուրքիա կ՛երթայ եղեր` գործով, ինքնավաճառումով եւ հրճուանքով:
Եթէ սահմաններու կնքուած մնալու ներկայ կացութեան հակառակ` այսքան մեծաթիւ հայրենակիցներ ձեւը կը գտնեն եւ Թուրքիա կ՛երթան, ի՜նչ պիտի ըլլայ մեր հայրենիքը, եթէ այդ սահմաններուն վրայի կնիքները վերցուին…
Միջին Արեւելքի մէջ կաթսան նորէն կ՛եռայ: Միշտ ալ տաք եղած է, բայց հիմա շատ եռուն է: Այս կացութեան մէջ, հայ քաղաքական, կրօնական թէ այլ ղեկավարները որքա՜ն լրջութեամբ եւ իմաստութեամբ շարժելու են: Այս գաղութներուն յաւելեալ նօսրացումը աղէտալի բան կ՛ըլլայ:
ՁԻՒՆԱԿԱՆ