Ֆրանսայի Մէջ Դարձեալ Իսլամականներ Կը Ձերբակալուին

Ֆրանսայի ոստիկանութիւնը իսլամականներու ձերբակալման նոր արշաւ մը իրականացնելով երկրին տարածքին, առաւելաբար հարաւի մէջ կատարուած գործողութեանց ընթացքին առնուազն տասը իսլամականներ ձերբակալեց:

Մինչ այդ` 13 իսլամականներ, որոնք անցեալ շաբաթ ձերբակալուած էին, ահաբեկչութեան յանցանքով ամբաստանուեցան եւ անոնցմէ 9-ը դարձեալ բանտ ուղարկուեցան:

Ձերբակալութիւնները տեղի ունեցած են Ֆրանսայի հարաւ եւ հարաւարեւմտեան շրջաններուն մէջ, մասնաւորաբար Մարսէյի, սակայն նաեւ Քարփենթրայի, Վալանսի եւ Փոյի մէջ: Նմանօրինակ գործողութիւն մըն ալ տեղի ունեցած է Պելճիքայի հետ սահմանին մօտ գտնուող Ռուպէյի մէջ:

Արշաւը կազմակերպուած էր Ֆրանսայի ներքին տեղեկահաւաքի ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ: Ոստիկանական աղբիւր մը «Պի. Պի. Սի.»-ին յայտնեց, որ «ձերբակալուածները Մոհամետ Մերայի նման են: Անոնք մեկուսացած անհատներ են, որոնք ինքնաարմատականացած են»:

Մէկ շաբաթ առաջ տեղի ունեցած ձերբակալութիւնները թիրախ դարձուցած էին «Ֆուրսան Իզզա» (Պարծանքի ասպետներ) կոչուած արմատական խմբակի մը անդամները: Խմբակը անցեալ ամիս արգիլուած էր:

Նշենք, որ երկուշաբթի օր Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ հինգ արմատական իսլամ քարոզիչներու երկրէն վտարումը յայտարարեց: Ապահովութիւնը 22 ապրիլին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան ընտրապայքարին մէջ կարեւոր նիւթի վերածուած է: Վերջին հարցախոյզները ցոյց կու տան, թէ գործող նախագահ Նիքոլա Սարքոզի կը շարունակէ իր գլխաւոր մրցակից Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ նախկին հարցախոյզներուն ընտրութեան երկրորդ հանգրուանին (6 մայիս) նախատեսած քուէներու համեմատութեան բացը կրճատել:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES