Քակ Սթրազպուրկի Մէջ Թուրքիոյ Վրայ Ճնշում Բանեցնելու Պահանջով Ցոյցերու Սկսած Է

Քրտական բազմամարդ ցոյց` Սթրազպուրկի մէջ

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հազարաւոր համակիրներ քիւրտերու հարցով Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու պահանջով բողոքի ցոյցեր պիտի կատարեն Սթրազպուրկի մէջ գտնուող Եւրոպական խորհրդարանի շէնքին առջեւ:

Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Պելճիքայէն, Շուէտէն եւ Աւստրալիայէն Սթրազպուրկ մեկնած ՔԱԿ-ի համակիրները կը պատրաստուին Եւրոպական խորհրդարանի շէնքին առջեւ նստացոյցի սկսելու:

Ցուցարարները Եւրոպական խորհրդարանէն կը պահանջեն քիւրտերու հարցով նախաձեռնողականութիւն ցուցաբերել եւ Թուրքիոյ հետ այս հարցով բանակցութիւններու սկսիլ: Ցուցարարները նաեւ կը պահանջեն այցելել թրքական բանտերուն մէջ պահուող քիւրտերը ազատ արձակելու պահանջով Սթրազպուրկի մէջ հացադուլի սկսած քիւրտերուն:

Հացադուլ կատարողներուն այցելելու պահանջով Եւրոպական խորհրդարան աւելի քան քառասուն նամակ ուղարկուած է, սակայն նշեալ խորհրդարանի ներկայացուցիչները մերժած են այդ այցելութիւնը կատարել` պատճառաբանելով, որ «իրենք այդպիսի լիազօրութիւն չունին»:

 

Share this Article
CATEGORIES