«Սուրիական Ընդդիմութիւնը Կառավարութիւնը Պարտութեան Պիտի Չմատնէ, Նոյնիսկ Եթէ Մինչեւ Ատամները Զինուած Ըլլայ» Կ՛Ըսէ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով զգուշացուց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը զինելը «աւելի պիտի երկարաձգէ աւելի քան մէկ տարիէ վեր շարունակուող Սուրիոյ ներքաղաքական ճգնաժամը»:
Ան Պաքուի մէջ Մոսկուայի համալսարանի մասնաճիւղին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտարարեց, որ սուրիացի ընդդիմադիրները պիտի չյաջողին սուրիական կանոնաւոր բանակը պարտութեան մատնել, նոյնիսկ եթէ անոնք «մինչեւ իրենց ատամները զինուած ըլլան»:
Լաւրով նախատեսեց, որ այս կացութեան լոյսին տակ Արեւմուտքը մտածէ Սուրիոյ դէմ օդային հարուածներ կատարելու: Ան այդ մտադրութիւնը գրգռիչ նկատեց` զգուշացնելով, որ ատիկա «ծանր հետեւանքներ» պիտի ունենայ:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ կը նախատեսուի, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարն ու ընդդիմադիր երկու խմբակներ մինչեւ 10 ապրիլ Մոսկուա այցելեն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ ընդդիմութեան Ազգային համակարգող յանձնախումբի ներկայացուցիչները 17-18 ապրիլին Մոսկուա պիտի այցելեն:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներ սուրիական կառավարութիւնը զգուշացուցին 10 ապրիլին նախատեսուած զինադադարի հաստատումէն առաջ բռնարարքներուն մէջ մագլցում արձանագրելու հետեւանքներէն:
ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սիւզըն Ռայս յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգի վարուելակերպը չի քաջալերեր յուսալ, որ ան Անանի վեց կէտերէ բաղկացած ծրագիրին յանձնառու պիտի մնայ: Ան աւելցուց, որ Ուաշինկթըն «մտահոգ է եւ մեծ կասկած ունի, թէ սուրիական կառավարութիւնը յանկարծ իր յանձնառութիւնները պիտի չկատարէ», եւ ՄԱԿ «կարիքը պիտի ունենայ այդ ձախողութեան արագ եւ լուրջ կերպով հակադարձելու»:


