Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ուատի Խալետի բնակչութեան մէկ պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը դրուատեց Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն մէջ  բանակին դերակատարութիւնը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութեան համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը սղած է 700 լ. ոսկիով, մազութինը` 200 լ. ոսկիով, իսկ կազի թիթեղին սակը նուազած է 200 լ. ոսկիով:

ՖԱՅԵԶ Քարամ յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլին դէմ Լիբանանի պահպանման առումով ինք առաջին քաղաքացին պիտի ըլլայ: Ան շեշտեց, որ ինք անշեղ կը մնայ Դիմադրութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան որդեգրած քաղաքականութեան նկատմամբ իր կեցուածքէն:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը հաստատեցին, որ այդ ուժերուն ներկայացուցիչները Ս. Զատկուան տօնին առիթով Պքերքէ պիտի չայցելեն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետական հարցերու նախարար Մարուան Շարպել «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ 2013-ին Լիբանանի ապահովական կացութեան անմիջական խախտումի ենթարկուիլը կրնայ պատճառ դառնալ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգուին:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի անդամ Վերա Եամմին «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Զղարթա Ֆայեզ Քարամի ծննդավայրն է` աւելցնելով, որ իրենք նախապէս հաստատած են, որ Մարատա յանձնառու կը մնայ դատական իշխանութիւններուն կողմէ արձակուած վճիռին:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Լիքս Փարթըլեմի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Աւստրալիա կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւնները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Հըզպալլա կառչած կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES