Ժոմպլաթ. «Կը Փափաքիմ, Որ 2013-Ի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Թայմուր Առաջադրէ Իր Թեկնածութիւնը»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մաղթեց, որ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր զաւակը` Թայմուր առաջադրէ իր թեկնածութիւնը: Ան յոյս յայտնեց նաեւ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարը չըլլայ տիւրզի համայնքին պատկանող անհատ մը:
Ան շեշտեց, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ինք չ՛ուզեր ամբողջական ընտրապայքար տանիլ:
Անդրադառնալով ընտրական օրէնքին` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք հաստատ կերպով կառչած կը մնայ 1960-ի ընտրական օրէնքին:
ԸՍՏ «Լիուա» օրաթերթին, Ժոմպլաթ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին փոխանցած է, թէ ինք իր նախարարները կառավարութենէն պիտի հեռացնէ, եթէ համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական օրէնքի քննարկում կատարուի:
CATEGORIES Լիբանանեան

