Պըրրի Քննադատեց Կառավարութեան Դանդաղ Գործունէութիւնը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին ընթացքին հաստատեց, որ կառավարութեան աշխատանքը կրիաներու երթեւեկին նման է: Ան քննադատեց կառավարութեան դանդաղ գործունէութիւնը` շեշտելով, որ այդ յապաղումը կ՛արտացոլայ եւ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ կառավարութեան ստանձնած իւրաքանչիւր թղթածրարին պարագային:
Պըրրի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է արագացնել քարիւղի եւ բնական կազի պեղման աշխատանքը` աւելցնելով, որ Իսրայէլի մէջ այդ աշխատանքը կը սուրայ, մինչդեռ Լիբանանի պարագային այդ աշխատանքը բաւական դանդաղ կ՛ընթանայ:
Նշենք, որ Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սէյիտը, որ Պըրրիի հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական բեմը յուզող թղթածրարները:
Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Պըրրի ողջունեց համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին առնչութեամբ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի զօրակցական կեցուածքը:
Անդրադառնալով համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին նկատմամբ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ցուցաբերած մտավախութեան` Պըրրի ըսաւ, որ անոնց մտահոգութիւնը կը փաստէ, որ այդ ուժերը փոփոխութիւն չեն ուզեր:
Ան նշեց նաեւ, որ խորհրդարանը լիագումար նիստի մը հրաւիրելու իր նախաձեռնութեան հիմնական մտահոգութիւնը կառավարութեան ներկայ ընթացքն է:


