Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Դեսպաններ Փիեթոնն Ու Կաֆոն
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցերը:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ըլլան անոնք քաղաքական գետնի վրայ, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ գործակցութեան մակարդակով:
Հանդիպումէն ետք Կաֆօ յայտնեց, որ իրենք գոհունակ կը զգան Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքէն, հակառակ տարբեր մարզերու մէջ անոր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միջազգային կարմիր խաչի նախագահ Եորկ Մոնթանին, որուն հետ քննարկեց մարդասիրական օժանդակութիւններու վերաբերող հարցեր:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաա, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը: