Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու, Որպէսզի Ան Հարաւային Լիբանանի Ականուած Տարածքներուն Քարտէսները Յանձնէ

Նախագահ Սլէյման եւ խորհրդարանի նախագահը

Ականներու վտանգէն զգուշանալու միջազգային օրուան առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ մաղթեց, որ շրջանային եւ միջազգային ջանքեր ի գործ կը դրուին` յանգելու համար այնպիսի որոշումի մը, որուն հիման վրայ ականներու գործածութիւնը արգիլուի, յատկապէս պատերազմներու աւարտէն ետք:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի համար ատիկա մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ Լիբանան տակաւին կը տառապի թշնամի Իսրայէլին ցանած ականներուն գոյութենէն եւ կը շարունակէ վնասազերծել ականուած տարածքները:

Այս շրջագիծին մէջ, նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի ան լիբանանեան իշխանութիւններուն յանձնէ հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող ականուած տարածքներուն քարտէսները, որոնք մարդկային մեծ վնասներ կը պատճառեն:

Նախագահական պալատին մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած օրինագիծերը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց նախարարական յանձնախումբերուն աշխատանքը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան` ընկերակցութեամբ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան մանրամասնութիւնները:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ` իմանալու համար Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի բնակարանին ուղղութեամբ արձակուած կրակոցին առումով բացուած հետաքննութեան մանրամասնութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES