«Մինսքի Խմբակի Ձեւաչափը Պիտի Պահպանուի» Կ՛Ըսէ Հրանդ Մելիք Շահնազարեան
Քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք Շահնազարեան նախանցեալ օր յայտնեց, որ Ազրպէյճանի ջանքերը` ուղղուած Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսան Եւրոպական Միութեամբ փոխարինելուն պիտի չարդարանան:
Ան նշեց, որ Ազրպէյճանի համար կարեւոր է ստեղծուած ձեւաչափի փոփոխութիւնը իբրեւ նախադէպ: Ըստ քաղաքագէտին, իրականութեան մէջ Ֆրանսա Մինսքի խմբակի ձեւաչափին մէջ կը ներկայացնէ Եւրոպական Միութեան շահերը, ան պարզապէս նախագահող երկիր է: Ան աւելցուց, որ այսօր Ազրպէյճան խնդիր ունի խուսափիլ ստեղծուած բոլոր ձեւաչափերէն, եւ ատիկա կը կատարուի ոչ թէ յառաջընթաց ապահովելու համար, այլ ընդհակառակն` անոնց գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցող որեւէ հանդիպումէն ետք Ազրպէյճանի քայլերը մէկ տարիով կամ որոշ ժամանակով կը յետաձգեն յաջողութեան հասնելու կարելիութիւնները:
Քաղաքագէտը յայտնեց, որ Մինսքի խմբակի ձեւաչափը պիտի չփոխուի, եթէ բոլոր մասնակից կողմերը համաձայն չեն: Ըստ Մելիք Շահնազարեանի, Հայաստան երբեք պիտի չհամաձայնի, որ ստեղծուած իրավիճակը, որ շրջանին մէջ փաստացի ապահոված է վերջին տարիներուն համեմատական կայունութիւնը, փոխուի:
Քաղաքագէտը նաեւ նշեց, որ այսօր Ազրպէյճան միջազգային հանրութեան երկու կարեւոր բան ցոյց տայ: Նախ որոշ ձեւով ընդգծել իր կարեւորութիւնը շրջանային քաղաքական հոլովոյթներուն մէջ` լաւ հասկնալով, որ միջազգային հանրութեան համար Հարաւային Կովկասի մէջ ամէնէն կարեւորը անվտանգութեան ապահովումն է: Իսկ իբրեւ անոր գործիքը Ազրպէյճան անընդհատ կը փորձէ լարուած իրավիճակներ ստեղծել հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ եւ այդ լարուածութեան իբրեւ արդիւնք ստիպել միջազգային հանրութիւնը` իրենց համոզել կամ իրենց հետ բանակցիլ այդ իրավիճակը յաղթահարելու համար:
Երկրորդը, ըստ քաղաքագէտին, զուտ ներքաղաքական նպատակներ կը հետապնդէ: «Պաքուի մէջ շատ լաւ կը հասկնան, որ պատերազմական իրավիճակը այն իրողութիւնն է, որ կարելի է օգտագործել եւ ծածկել մնացեալ բոլոր ոճիրները` ամէն ինչ բացատրել պատերազմական իրավիճակով եւ սահմանին վրայ անկայունութեամբ», նշեց քաղաքագէտը:


