«Զուիցերիա Իր Հեղինակութիւնը Փրկեց» Կ՛Ըսէ Պաղըշ
Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հետ հարցերու նախարար Էկեմեն Պաղըշ, որ Զուիցերիոյ մէջ ժխտած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը, մեկնաբանած է Զուիցերիոյ դատախազութեան կողմէ իր դէմ դատ չբանալու որոշումը:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պաղըշ պնդած է, որ Թուրքիոյ 75 միլիոն քաղաքացիներէն իւրաքանչիւրը յիշեալ հարցին նոյն պատասխանը կու տայ: «Զուիցերիոյ մէջ ճիշդ որոշում տրուած է: Այդպիսով, Զուիցերիա իր հեղինակութիւնը փրկեց», ըսած է Պաղըշ:
CATEGORIES Հայկական

