50 Տարի Առաջ ( 6 ապրիլ 1962 )

Ս. Նշանի Տիկնանց Միութեան
Միջինքի Հաւաքոյթը

Չորեքշաբթի, 28 մարտ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին տեղի ունեցաւ Ս. Նշանի Տիկնանց միութեան վարչութեան կազմակերպած միջինքի հաւաքոյթը` Խորէն քհնյ. Աճեմեանի նախագահութեան տակ:

Ընտրեալ բազմութիւն մը փութացած էր Ս. Նշանի մանկապարտէզի սրահը ժամանակէն առաջ: Կոկիկ յայտագիր մը ի գործ դրուեցաւ: Բացումը կատարեց Ռոզա Գահվեճեան, յետոյ խօսք առաւ տէր հայրը եւ հակիրճ կերպով վեր առնելով կանացի եկեղեցասիրաց միութիւններուն կարեւորութիւնը ազգապահպանման գործին մէջ, մանրամասն զեկուցեց մեր ներկայ տարուան գործունէութեան մասին, օրհնեց բոլոր անդամ-անդամուհիները եւ գովեստով ու հիացումով արտայայտուեցաւ անոնց տարած զանազան աշխատանքներուն մասին: Յետոյ ծանրացաւ Ս. Նշան դպրոցի վերաշինութեան եւ եկեղեցիի նորոգութեան, յիշեց ազգային բարերար Սուրէն Խանամիրեանին ժեսթը եւ մաղթեց, որ վարակիչ դառնայ ժողովուրդին մէջ:

Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Լ. Շիրինեան, Յ. Յովսէփեան, Ա. Քարակոբեան, որոնք իրենց հնչուն ձայնով մեներգեցին, փոխն ի փոխ, սիրուն երգեր, ծափեր խլելով ներկաներէն, իսկ Շ. Թոգաթլեան, Ա. Տէր Պետրոսեան եւ Լ. Մարտիրոսեան իրենց յստակ առոգանութեամբ եւ տպաւորիչ ձայն ու շեշտով արտասանեցին գեղեցիկ կտորներ: Ծովակ Գույումճեան դաշնակի վրայ նուագեց յուզիչ եղանակ մը: Տասը վայրկեան դադարէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ վիճակահանութիւն` մեծ խանդավառութեան մէջ: Բախտաւորներ շահեցան ընտիր նուէրներ:

Տէր Աճեմեանին պահպանիչով վերջացաւ սոյն հոգեպարար հանդիսութիւնը, եւ ներկաները մեկնեցան գոհ տրամադրութեամբ:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

Ազգային Կեանքը
Թրիփոլիի
Մէջ

Տեղւոյս Համազգայինի մասնաճիւղին կազմակերպած դասախօսական երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 30 մարտ 1962, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Նաւասարդ» ակումբի սրահին մէջ:

Դասախօսեց վերապատուելի Յովհաննէս Ակներեան:

Նիւթ` «Աւանդապահութիւն»: Կոկիկ բազմութիւն մը ժամանակին փութացած էր սրահ:

Օրուան նախագահ Անգինէ Չոլաքեան հակիրճ բացման խօսքէն ետք հանդէս եկաւ յարգելի բանախօսը:

Նիւթը` պատմական ենթահողով եւ գերազանցապէս ազգային, կը ներկայացնէր շահեկանութիւն: Ժողովուրդ մը, որպիսին է հայը, որուն գոյութեան ակնաղբիւրը եւ ազգային գիտակցութեան ժայթքը պահուեր են հազարամեակներով վարագոյրի ետին, եւ որ քալեր է պատմութեան երկար ու ձիգ քարուղիներէն, պէտք է ունենար անպայման զօրաւոր աւանդութիւն, զայն վերածէր տեւելու կամքի ու պարագաներու հարկադրանքին տակ երբեմն դառնար նոյնիսկ` աւանդապա՛շտ:

Դասախօսութիւնը տեւեց երեք քառորդ ժամ: Բաւական լաւ ուսումնասիրուած, համադրուած եւ ինքնին` հետաքրքրական: «Աւանդապահութիւն» բառի ստուգաբանութենէն մեկնելով` նիւթը ծաւալեցաւ հեթանոսական եւ ապա քրիստոնէական պատմական շրջաններուն վրայ: Բացատրուեցան կարգ մը հեթանոսական տօներ, զգեցած` քրիստոնէական տարազ եւ ազգի մը հիմնարկման աւանդական ճամբով պայմանաւոր, անհրաժեշտ ազդակներն ու նախատարրերը կազմող լեզուի, բարքերու եւ հաւատալիքներու կարեւորութիւնը:

Յարգելի դասախօսը իր եզրակացութեան մէջ յայտնեց, թէ ժողովուրդ մը լաւագոյնս կը դատէ ընտրութիւն կատարելու պարագային, արդէն ոչ անհրաժեշտ աւանդութիւններուն հանդէպ դարերը միշտ ժլատ գտնուած են: Բայց դժբախտաբար ներկայ օրերուն հայ ընտանիքէն ներս շատ բան կայ խաթարուած, ուրացուած: Անցեալէն եկող ամէն բան սկսած է տժգունիլ: Նոյնիսկ` մեր ազգային ըմբռնումը: Աղիտալի տեղատուութի՛ւն: Ազգի մը ուրոյն դիմագծի պահպանութեան համար անհրաժեշտ են աւանդութիւնները` սրբութեան համազօր: Պէտք է պահուին անոնք եւ հպարտութեամբ կտակուին ապագայ, սերունդներուն:

Երեկոյթի յաջողութեան իրենց նպաստը բերին նաեւ Լիզա Պայրամեան` արտասանութեամբ եւ Յ. Սարգիսեան` մեներգով:

 

Կիրակի, 1 ապրիլին, շրջանիս Օգնութեան խաչի վարչութեան հրաւէրով, «Նաւասարդ» ակումբի սրահին մէջ, մանուկներու առողջապահութեան մասին խօսեցաւ բժշկուհի Չաւտարեան:

Հաւաքոյթին բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետուհի Նուարդ Չպուքճեան:

Սրահը լեցուն էր հետաքրքիրներով:

Յարգելի բժշկուհին մանրամասն եւ խնամուած ձեւով նկարագրեց նորածին երեխան իր բնական եւ թերածին վիճակներուն մէջ:

Բնական երեխայի մը աստիճանական աճումի հանգրուանները առանձին առնելով` ըրաւ կարեւոր թելադրութիւններ մայրերուն, սնուցման եղանակին ու մտային աճումին նպաստող միջոցներու կիրարկման շուրջ: Իսկ հիւանդութեան կարգ մը ծանրակշիռ պարագաներուն առնուելիք նախնական բոլոր զգուշութիւններն ու միջոցները նկատեց էական` առաջքը առնելու համար շատ մը բարդութիւններու կամ նոյնիսկ մահերու:

Դասախօսութիւնը տեւեց կէս ժամ:

Ներկաները մնացին շատ գոհ: Եղան բազմաթիւ հարցումներ: Յարգելի բժշկուհին բոլոր հարցումներուն գոհացում տուաւ լիուլի:

Մեներգեց Ալիս Նալպանտեան:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES