ՊԱՀՈՒԱԾ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐ. Վերնորոգողներ Փճացուցա՞ծ Են Լէոնարտոյի Գլուխ Գործոցը

«ՎԵՐՋԻՆ ԸՆԹՐԻՔԸ» ՈՐՄՆԱՆԿԱՐԻՆ ՄԷՋ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅԼԵՒՍ ԱՅՆ ՉԷ, ԻՆՉ ՈՐ ՓԱՓԱՔԱԾ ԷՐ ՏԵՍՆԵԼ ԶԱՅՆ ՍՏԵՂԾԱԾ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ: ԻՆՉՈ՞Ւ «ԱՆՓՈՅԹ» ԱՅՍ ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ. ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ԿԸ ԽԱՆԳԱՐԷ ԼԷՈՆԱՐՏՈՅԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՄԵՐ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ: ԻՍԿ Ո՞Վ ԳԻՏԷ, ԹԷ ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՃԻՇԴ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԳԾԱԾ ԷՐ ԶԱՅՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ:

Լէոնարտօ տա Վինչիի «Վերջին ընթրիքը» վերանորոգած մասնագէտը սխալ մը գործած է Քրիստոսի կեդրոնական տիպարը վերականգնելու իր աշխատանքին ընթացքին, ինչպէս կ՛ըսէ արուեստի բրիտանացի մասնագէտ մը:

Արուեստի գործերու վերանորոգութեան եւ պահպանութեան վերահսկող «ԱրթՈւոչ» կազմակերպութեան Բրիտանիոյ մասնաճիւղին տնօրէնը` Մայքըլ Տէյլի իր զարմանքը յայտնած է, երբ ի յայտ բերած է, թէ նախապէս ծալքերով գծուած շրջազգեստի թեւ մը վերաձեւաւորուած է այնպէս, որ այժմ Քրիստոսի աջ ձեռքը դուրս կու գայ խողովակաձեւ թեզանիքէ մը` սեղանին վրայ հանգչած: Մինչդեռ Լէոնարտոյի աշակերտներուն կողմէ կատարուած ժամանակակից ընդօրինակութիւններուն մէջ թեզանիքը կ՛իյնայ սեղանին ետին:

Միլանոյի մէջ 1498-ին աւարտած որմնանկարին ընդօրինակութիւններէն մէկը գծուած է 1520-ական տարիներուն: Անիկա գործն է Լէոնարտոյի աշակերտներէն` Ճիամփիեթրինոյի եւ այժմ սեփականութիւնն է Լոնտոնի «Ռոյըլ աքատեմի աֆ Արց» հաստատութեան:

Միլանոյի որմնանկարին մէջ Քրիստոսի վերանորոգուած կերպարը բաղդատելով վերանորոգութենէն առաջ առնուած անոր լուսանկարներուն հետ, ինչպէս նաեւ` անոր ժամանակակից ընդօրինակութիւններուն, Տէյլի յայտարարած է. «Այժմ լուրջ սխալ մը կայ Լէոնարտոյի վերջնական ձեւագծումին մէջ»:

Լէոնարտօ որմնանկարը գծած էր Սանթա Մարիա տելլէ Կրացիէ վանքին սեղանատան մէկ պատին վրայ: Անիկա աշխարհի ամէնէն աւելի ծանօթ գեղանկարներէն մէկն է: Սակայն Լէոնարտոյի վրձնահարուածներէն շատ քիչ բան մնացած է անոր վրայ, մասամբ` որմնանկարի թեքնիքներու ձախող փորձարկութեան պատճառով, եւ մասամբ` Նափոլէոնի զինուորներուն, որոնք հաճոյք կը զգային քար եւ ձիու թրիք նետելով անոր վրայ: 1943-ին դաշնակից ուժերու կողմէ վանքին վրայ նետուած ռումբ մը աւեր գործած էր, եւ որմնանկարը դարձած էր ենթակայ` բնութեան տարրերուն: 1978-1999-ի միջեւ տեղի ունեցած որմնանկարին վերանորոգութիւնները միշտ ալ տարակարծութիւններ ստեղծած են քննադատներու քով: Այժմ վէճերը հրահրուած են` «ԱրթՈւոչ»-ի կատարած ուսումնասիրութիւններուն պատճառով:

Տէյլի զարմանք յայտնած է, որ վերանորոգողները անտեսած են Ճիամփիեթրինոյի «Վերջին ընթրիք»-ին ընդօրինակութիւնը: «Ինչո՞ւ անոնք նկատի չեն ունեցած սեղանին ետին եւ անոր տակ ինկող շրջազգեստի թեզանիքին վկայութիւնը», հարց կու տայ ան:

Լէոնարտոյի մասնագէտ Փիեթրօ Մարանի, որ ղեկավարած է «Վերջին ընթրիքը» որմնանկարին վերանորոգութիւնը, արհամարհած է քննադատութիւնը` ըսելով. «Թեզանիքի կտոր մըն է եղածը, Տէ՛ր Աստուած»: Խօսելով այն մասին, թէ վերանորոգութիւնը կիրարկած մասնագէտը ի յայտ բերած էր կարմիր ներկի հետքեր, որոնք յայտնաբար կը պատկանէին թեզանիքին կարմիր ծալքերուն, Մարանի վիճարկած է, թէ Ճիամփիեթրինօ հաւանաբար սխալ ձեւով վերարտադրած էր թեզանիքին ծալքերը, եւ թէ` որմնանկարին տարբեր ընդօրինակութիւններուն մէջ փոփոխութեան ենթարկուած են գոյներու եւ սեղանին վրայ դրուած իրերու վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Սակայն Լէոնարտոյի անուանի մասնագէտ Չարլզ Հոփ քննադատած է վերանորոգութեան ամբողջ աշխատանքը` զայն որակելով «անիմաստ», որովհետեւ Լէոնարտոյի սկզբնական պատկերէն շատ քիչ բան գոյատեւած է: «Միայն Ճիամփիեթրինոյի եւ այլ ընդօրինակութիւններու ճամբով է, որ կրնանք գիտնալ, թէ որմնանկարը ի՛նչ պատկերած է ժամանակին», կ՛ըսէ ան:

Տէյլի մերժած է Մարանիի պաշտպանողականը` վիճելով, թէ շրջազգեստին թեզանիքը վերակազմելու համար ներկի մնացորդները իբրեւ ուղեցոյց նկատի ունենալը բաւարար չէ` Լէոնարտոյի մտապատկերին հարազատ մէկ վերարտադրութիւնը ստեղծելու համար: եղանկարներու ընդօրինակութիւններ միշտ ալ ունեցած են փոքր կամ աննշան տարբերութիւններ: Սակայն այս պարագային ամէնէն աւելի վստահելի երկու ընդօրինակութիւնները «թեզանիքը կը պատկերեն սեղանէն վար», կ՛աւելցնէ ան` նշելով նաեւ այլ ընդօրինակութիւններ, որոնք զայն կը պատկերեն նոյն ձեւով: Անոնց շարքին է փորագրուած նկար մը, որ կ՛ենթադրուի, թէ ամէնէն հին վերարտադրութիւնն է եւ իրագործուած է 1500-ի շուրջ:

Երբ հարց տրուած է Տէյլի, թէ զարմանալի չէ՞, որ ուրիշներ անտեսած են վերանորոգութեան մէջ կատարուած փոփոխութիւնը, ան պատասխանած է. «Ո՛չ, որովհետեւ ընդօրինակութիւններուն միջեւ մանրամասն բաղդատութիւններու փաստեր չեն հրապարակեր անոնք»:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES