ՊԱՀՈՒԱԾ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐ. Գաղտնի Վան Կոկներ

ՈՒԺԵՂ ՃԱՌԱԳԱՅԹՆԵՐ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԵՆ ԵՐԿՈՒ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐ` ՄԷԿԸ ՄԻՒՍԻՆ ՏԱԿ: «ՆԻՒ ՍԱՅԸՆԹԻՍԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս:

Վինսընթ վան Կոկ կիսամերկ երկու ըմբիշներու այս պատկերը գծած է Անվերի մէջ իր ուսանողութեան տարիներուն: Սակայն 125 տարիէ ի վեր անիկա կը մնար թաքուն, իսկ անոր յայտնաբերումը կու գայ փաստելու վիճելի այլ Վան Կոկի մը գոյութիւնը:

Ըմբիշներ պատկերող գեղանկարը գծուած է 1885-ին, երբ Վան Կոկ 32 տարեկան արուեստի ուսանող մըն էր եւ կը փորձէր զարգացնել իր արդէն հանճարեղ, բայց որեւէ ճանաչումի չարժանացած տաղանդը: Ան այս նկարին կ՛ակնարկէ իր եղբօր` Թէոյի ուղարկած մէկ նամակին մէջ, ցոյց տալու համար, թէ անոր ուղարկած դրամով ի՛նչ կ՛իրագործէր ինք: Սակայն հարցը այն է, թէ գեղանկարը անհետացած էր պատմութենէն եւ միայն նոր է, որ ի վերջոյ ի յայտ կու գայ:

Պատմական այս խորհրդաւոր գաղտնիքին միւս երեսը այլ գեղանկար մըն է (աջին): Անիկա կը պատկերէ շատ աւելի վանկոկեան նիւթ մը. ծաղիկներ: Գեղանկարը, որ կը կոչուի «Սթիլ լայֆ ուիտ միտօ ֆլաուըրզ էնտ ռոզըզ» (անշարժ կեանք մարգագետինի ծաղիկներով եւ վարդերով), 1974-ին գնուած է Հոլանտայի Քրոլըր- Միւլըր թանգարանին կողմէ: Այնուհետեւ գլխաւոր հարցումը այն էր, թէ արդեօք անիկա իրապէ՞ս վան Կոկի մէկ գործն էր: Պաստառին մեծ չափը եւ ծաղիկներուն գոյնզգոյն պչրանքը այնքան ալ վան Կոկի բնորոշ յատկանիշներ չէին: Այս պատճառով թանգարանը 2003-ին զայն հռչակեց անանուն արուեստագէտի մը գործը:

Այժմ ճշմարտութիւնը ի յայտ կու գայ` շնորհիւ անդրմանիշակագոյն Քէ. Ճառագայթներով քննութեան մը, որ կատարուած է Համպուրկի մէջ գործող գիտաշխատանոցի մը կողմէ: Երկու ըմբիշները միշտ ալ թաքնուած էին մարգագետինի ծաղիկներով գեղանկարին ետին: Վան Կոկ իր անշարժ կեանքը գծած էր ըմբիշներուն վրայ` առանց մտածելու, թէ կորստեան կը մատնէր այլ գեղանկար մը:

Այն իրողութիւնը, թէ ըմբիշներուն պատկերը տան պարտականութիւն մըն էր, զոր կատարած էր Վան Կոկ իր ուսանողական շրջանին, կը բացատրէ անոնց վրայ գծուած ծաղիկներուն տարօրինակ տեսքը: Պաստառին արտասովոր չափը կը փաստէ, թէ անիկա արուեստի դպրոցին կողմէ պահանջուած չափն էր, իսկ պատկերուած ծաղիկները շատ փարթամ էին, որովհետեւ պէտք էր ծածկէին կիսամերկ ըմբիշի մը մարմնին ամբողջ կէսը: Քէ. ճառագայթներով կատարուած քննութիւնը ի յայտ բերած է շատ աւելի զգայացունց մանրամասնութիւններ. ըմբիշները հագած են տաբատներ, որոնք յատուկ էին Անվերի ակադեմիային: Ճառագայթները նաեւ ցոյց տուած են, թէ գործածուած ներկը կը համապատասխանէր վան Կոկի ժամանակներու բաղադրութիւններուն, եւ թէ` նկարը կը կրէր վան Կոկի յատուկ վրձնահարուածներ:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES