Հայկազեան Համալսարանի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Կիպրոս

Երէկ` չորեքշաբթի, 4 ապրիլին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Կիպրոս մեկնեցաւ Հայկազեան համալսարանի 41 անձերէ բաղկացած պատուիրակութիւնը` բարեկամական մրցումներ կատարելու համար:

Հայկազեան համալսարանը Կիպրոս մեկնեցաւ տղոց եւ աղջկանց ֆութսալի եւ պասքեթպոլի խումբերով:

Պատուիրակութեան նախագահն է համալսարանի մարզական բաժանմունքի պատասխանատու Սահակ Պիտինեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ երեք մարզիչներ:

Share this Article
CATEGORIES