Շարթիէ Եւ Խուրի Դիմաւորեցին Լիբանանի Փինկ Փոնկի Պատուիրակութիւնը

Իրենց մասնակցութիւնը բերելէ ետք փինկ փոնկի աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա), Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց խումբերը վերադարձան Պէյրութ:

Լիբանանի փինկ փոնկի պատուիրակութիւնը դիմաւորելու համար Պէյրութի միջազգային օդակայան մեկնեցան Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ եւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Թոնի Խուրի:

Լիբանան այս ախոյեանութեան բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով արաբական դասաւորման մէջ, իր զոյգ խումբերով գրաւեց երկրորդ դիրքը` Եգիպտոսի ետին:

Նշենք, որ Լիբանանի ազգային խումբերուն մաս կազմող մարզիկներն էին` Դուին Մումջողլեան, Լարա Քեչեպաշեան, Ռիթա Պըսէյպես (աղջիկներ), Աւօ Մումջողլեան, Ռաշիտ Պըպպօ եւ Տաուտ Շեհայեպ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES