ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան 2011-2012. Այցելութիւն «Զուարթնոց» Կեդրոն

Ուրբաթ, 23 մարտ 2012-ին ՀԲԸ Միութեան Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտութիւնը այցելեց «Զուարթնոց» կեդրոն` մասնակցելու «Զուարթնոց»-ի մարտ ամսուան արշաւին:

Կարմիրեան վարժարանի աշակերտները, իրենց ականջները սրած ու աչքերը լայն բացած, ընկերակցութեամբ կեդրոնի տնօրէնուհի Տապաղեանի, շրջեցան հաստատութեան դասարաններն ու աշխատանոցները եւ լաւապէս տեղեկացան մտքով թերաճ մանուկներուն հետ տարուած աշխատանքներուն ու դասաւանդման դաստիարակչական ճիգերուն մասին: «Զուարթնոց»-ի սաները, խանդավառուած` արտասանութեամբ, երգերով ու նուագներով ընդունեցին մեզ, արժանանալով վարժարանի աշակերտութեան եւ տնօրէնութեան քաջալերանքին ու գնահատանքին:  Ի տես անոնց այս սիրալիր ընդունելութեան` վարժարանի Զ. դասարանին աշակերտները քանի մը տողերով իրենց տպաւորութիւնները արձանագրեցին կեդրոնի յուշատետրին մէջ, ապա «Զուարթնոց»-ի բակին մէջ ելոյթ ունեցան գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով մը:

Ծափահարութեան եւ գովասանքի ճիչերով ու սրտի անհուն գոհունակութեամբ բաժնուեցանք «Զուարթնոց» կեդրոնէն` մեր մասնակցութիւնը բերելէ ետք ի սպաս այդ մանուկներուն, որոնք անհատ առ անհատ կ՛ապրին իրենց իւրայատուկ աշխարհը,  միշտ Աստուծոյ փառք տալով մեզի պարգեւած շնորհներուն ու բարիքներուն համար:

Օ՛ն, ուրեմն, օգնենք «Զուարթնոց»-ին` լաւ պայմաններու տեսլականով:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES