ԼՈՒՐԵՐ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ. Դպրեվանեցիներ Ներկայ Կը Գտնուին «Համազգային»-Ի Ճենտերեճեան Զուգանուագին

Ուրբաթ, 30 մարտ 2012, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, դպրեվանքին մէջ արդի գեղանկարչութեան մասին դասախօսեց արուեստագէտ Արա Ազատ: Դասախօսէն ետք, անոր երկու աշակերտները`  Գօգօ Աւեսեան եւ Յովիկ Աֆարեան պատմեցին, թէ ինչպէս գեղանկարչութեան նուիրուելով` իրենց հայ երիտասարդի աշխարհահայեացքն ու կեանքը դրականօրէն փոխուեցան:

Իր անմիջականութեամբ եւ հաղորդականութեամբ աւելի քան ժամ մը Արա Ազատ գրաւեց դպրեվանեցիներուն հետաքրքրութիւնը եւ քաջալերեց զանոնք արուեստի մարզի մը մէջ խորանալու ու իրենց կոչումը որպէս արուեստագէտ կենսագործելու:

Դպրեվանքի տեսուչ` Նարեկ արք. Ալեէմեզեան շնորհակալութիւն յատնեց դասախօսին եւ անոր աշակերտներուն, որոնք դպրեվանեցիներուն հաղորդեցին արուեստով կերպարանափոխուելու հրամայականը:

Դասախօսական պահը աւարտեցաւ հաւաքական գիշերային աղօթքով:

Դպրեվանեցիներ Ներկայ Կը Գտնուին
«
Համազգային»-Ի Ճենտերեճեան Զուգանուագին

Կիրակի, 4 մարտ 2012, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Ասեմպլի հոլ»-ին մէջ, «Համազգային»-ի գեղարուեստի դպրոցներու հրաւէրով, դպրեվանեցիներ ներկայ գտնուեցան Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեան եղբայրներուն եւ Իզապէլ Գայայեանի նուագահանդէսին:

Նուագահանդէսը առիթ մը եղաւ դպրեվանեցիներուն համար իրենց դասական երաժշտութեան ճաշակը աւելի զարգացնելու. որովհետեւ անոնք արդէն ամէն իրիկուն դասական երաժշտութիւն կ՛ունկնդրեն դպրեվանքին մէջ:

Յայտնենք նաեւ, որ դպրեվանքին նկարչական եւ ձեռային աշխատանքներու խմբակը աշխուժ աշխատանքի լծուած է եւ ամէն շաբաթ օր տարբեր արուեստագէտներ խմբակին հետ կ՛ըլլան դպրեվանքին մէջ: Առջի շաբաթ Գօգօ Աւեսեան եւ անցեալ շաբաթ Յովսէփ Գասպարեան սաներուն հետ եղան եւ իրենց փորձառութիւնը փոխանցեցին անոնց:

 Հայ Արուեստագէտներ`
Դպրեվանքին
Մէջ

Երեքշաբթի, 6 մարտ 2012, տեսչութեան հրաւէրին ընդառաջելով, դպրեվանք այցելեցին երեք հայ արուեստագէտներ` Տիգրան Տատրեան (Ֆրանսա), Զաւէն Խտըշեան (Լիբանան) եւ Գրիգոր Նորիկեան (Լիբանան), որոնք հաւաքական հանդիպում մը ունեցան սաներուն հետ, խօսեցան իրենց արուեստի մասնայատկութիւններուն մասին եւ քաջալերեցին դպրեվանեցիներու արուեստի բնագաւառներուն մէջ խորանալու` դասական վանականներու օրինակով:

Դպրեվանքի Բարեկամներուն
Ազնիւ
Ուշադրութեան

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները ապրիլին դպրեվանքին հետ ըլլալու հետեւեալ արտա-դասարանային ձեռնարկներու ընթացքին.

1. Ուրբաթ, 20 ապրիլ, ժամը 19.00, Կարօ Յովհաննէսեան, Ապրիլ 24 ուսանողական խորհուրդի կազմակերպութեամբ:

2. Շաբաթ, 21 ապրիլ, ժամը 19.00, Գրիգոր Նորիկեան, «Նկարչական արուեստին հոլովոյթը», նկարչական եւ ձեռային աշխատանքներու խմբակի կազմակերպութեամբ:

3. Կիրակի, 22 ապրիլ, ս. պատարագէն ետք, «Կալերի սըրֆէյս լիպր տարթ», Զոհրապի գեղանկարներու ցուցահանդէս, նկարչական եւ ձեռային աշխատանքներու խմբակի կազմակերպութեամբ:

Կամքէ անկախ պատճառներով ձեռնարկները կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ կամ յետաձգուիլ: Անպատեհութիւններու առաջքը առնելու համար ձեռնարկներուն ամբողջական տեղեկութիւնները կրնաք քաղել Հայր Ստեփանոսէն` հեռաձայնելով 04-983634 եւ 03-674954 թիւերուն:

 Տեսչութիւն

31 մարտ 2012                           

 

 

Share this Article
CATEGORIES