Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլեճի Զատկուան Աւանդական Տօնավաճառը

Զատկուան տոհմիկ սովորութիւնները վերականգնելու գեղեցիկ առիթ մը եղաւ Ազգային  Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին այս տարուան տօնավաճառը, որ աւանդական ճաշերու կողքին, նաեւ մշակութային վայելքի առիթ մը ընծայեց իր այցելուներուն`  հինգշաբթի 28 եւ ուրբաթ 29 Մարտին:

Տօնավաճառին բացումը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 28 մարտի երեկոյեան, քոլեճին հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ 150 ծնողներու եւ բարեկամներու: Սրահին նախամուտքին, ցուցադրուած էին քոլեճին աշակերտական գծագրութիւններէն 100 նկարներ, որոնք երեւան կը հանէին գծելու սէր ու շնորհ ունեցող մեծաթիւ աշակերտներու ձիրքեր: Գծագրութիւններու կողքին, յատուկ բաժին մը յատկացուած էր բրինձի վրայ անուններ գրելու եւ գունաւոր աւազով ապակեայ յուշանուէրներ պատրաստելու աշխատանքին:

Տօնավաճառին ցուցադրուած էին քոլեճին ծնողներուն եւ կազմակերպիչ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած պահքի ճաշեր, հայկական անուշեղէններ եւ տեսակաւոր ուտելիքներ: Միաժամանակ առանձին բաժիններով ներկայացուած էին Զատկուան ձեռային աշխատանքներ, տուրմեր, զարդեղէններ եւ զանազան նուէրներ: Իբրեւ նորութիւն` տօնավաճառին կը մասնակցէր նաեւ նախկին սոֆիայակոբեանականներուն վարչութիւնը, որ կը վաճառէր հայկական յուշանուէրներ:

Տօնավաճառը ունեցաւ գեղարուեստական բաժին: Մինչ այցելուներ իրենց գնումները կը կատարէին, քոլեճին երգչախումբը ներկայացուց հայկական ժողովրդային երգերու շարք մը, իսկ պարախումբը կատարեց յունական պար մը:

Գեղարուեստական յայտագրի երկրորդ մասով ձեռնադաշնակի վարպետ Սիմոն Կոստանդինեան մթնոլորտը խանդավառեց հայկական ժողովրդային նուագներով:

Տնօրէն Վիգէն Աւագեան խօսք առնելով` շնորհակալութիւն յայտնեց տօնավաճառին յաջողութեան իրենց նպաստը բերած ծնողներուն, քոլէճին տիկնանց յանձնախումբին եւ անոր օժանդակ մարմինին, որոնց երեք շաբթուան պատրաստութիւնները իրենց լրումին հասան մեծ յաջողութեամբ: Տնօրէնը իր գնահատանքի խօսքը յայտնեց նաեւ քոլեճին գծագրութեան ուսուցչուհի Մարալ Փանոսեանին եւ զայն պատուեց ծաղկեփունջով մը: Ապա տնօրէն Աւագեան պահը հասած նկատեց կատարելու քոլէճին վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը: Ան բեմ հրաւիրեց «Փոլօ» հաստատութեան տէր եւ տնօրէն Փոլ Տեմիրճեանը` Պէյրութ-Երեւան-Պէյրութ օդանաւային տոմսը անձամբ յանձնելու բախտաւորին: Վիճակաձգութիւնը կատարեց տօնավաճառին ներկայ կրտսերագոյն փոքրիկը եւ բախտաւորին ներկայացուցիչին տոմսը յանձնեց Փոլ Տեմիրճեան:

Վիճակաձգութենէն ետք, տօնավաճառը բաց մնաց մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00, իսկ գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ ձեռնադաշնակի նուագներով:

Տօնավաճառը շարունակուեցաւ նաեւ ուրբաթ, 29 մարտին, ընդունելով մեծաթիւ այցելուներ:

 

Share this Article
CATEGORIES