«Սարօ»-ն Եւ «Անուշ»-ը` Հարպոյեանի Աշակերտներուն Տարբերակով

2012 տարին կը զուգադիպի Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի հիմնադրութեան 25-ամեակին: Այս առիթով կայացող ձեռնարկներուն ծիրին մէջ վարժարանին Աշակերտական խորհուրդը կազմակերպեց աշակերտական երաժշտախառն «Անուշ» թատրոնը, որուն նիւթը քաղուած է մեծանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ» բանաստեղծութեան վրայ հիմնուած օփերայէն:

Ներկայացումը առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ վարժարանի աշակերտներուն, ծնողներուն եւ անոնց բարեկամներուն համար, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան «Պետողլեան» սրահին մէջ. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի քաջալերանքով ու առաջարկով, երկրորդ անգամ ցուցադրուեցաւ երկուշաբթի, 2 ապրիլ 2012-ին, ՀԿՄ-ի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, հայ կաթողիկէ քոյր վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն համար:

Վարժարանին քիմիագիտութեան ուսուցիչ` Յովիկ Յակոբեանի բեմադրութեամբ սոյն ներկայացումը բեմ բարձրացուց տասնեակ մը աշակերտ-աշակերտուհիներ (9-12-րդ դասարանի), որոնք հակառակ իրենց առաջին փորձառութեան` կրցան լաւ ձեւով ներկայացնել իրենց ստանձնած կերպարները: Անոնք կրցան մօտաւորապէս 1 ժամ տեւողութեամբ բեմին կապել հանդիսատես աշակերտները, որոնք երգերով եւ պարերով լեցուն այս թատրոնին մէջ գտան հետաքրքրական նիւթով եւ գեղեցիկ բեմականացումով պատրաստուած աշխատանք մը:

Բոլորիս ծանօթ «Անուշ» օփերային գլխաւոր նիւթը, որուն մէջ կը գտնենք Սարոյի եւ Անուշի խորունկ սէրը, անոնց յարաբերութեան տարաբախտ աւարտը` Սարոյի սպանութեամբ եւ Անուշի խելացնորութեամբ, լաւապէս պատկերուած էին սոյն թատերական գործին մէջ, որ միաժամանակ կը կրէր հայկական պարի եւ երգի տարբեր դրուագներ եւ բեմադրիչին իւրայատուկ «համեմ»-ները:

Թատրոնի աւարտին բեմ բարձրացաւ Գ. Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բեմադրիչին, պարուսոյց Գոհար Տեմիրճեանին, թատերական կտորը արեւմտահայերէնի վերածող Մատլէն Վարդանեանին եւ նուագով երգերուն ընկերակցող կիթառահար Արա Տիշչեքենեանին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց հայ կաթողիկէ վարժարաններուն տնօրէնութեանց, որոնք իրենց ներկայութեամբ, ուսուցչական կազմով եւ աշակերտութեամբ քաջալերեցին այս ձեռնարկը:

Ռ. Պոյաճեան ըսաւ, թէ` «այս աշխատանքը 100 տոկոսով պատրաստութիւնն է  Յովիկին եւ դերակատար աշակերտներուն, որոնք դպրոցին հիմանդրութեան 25-րդ ամեակին առիթով փափաքեցան մշակութային գործ մը հրամցնել մեզի»: Ան բարձր գնահատեց անոնց աշխատանքը եւ շեշտեց, որ` «Հայ դատի արդար լուծման հասնելու համար դիւանագիտական եւ քաղաքական հետապնդումներու կողքին, շատ կարեւոր է նաեւ մշակութային «զէնք»-ով պայքարիլը, եւ ինչպէս որ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան ըսած է` «ապրէք երեխէք, բայց մեզ պէս չապրէք», ան խորհուրդ տուաւ աշակերտներուն` ըսելով. «Ապրէք երեխէք, բայց մշակոյթը պահպանելով ապրէք»:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ      

Share this Article
CATEGORIES