Ոտնլուայի Հանդիսաւոր Արարողութիւնը` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Աւագ հինգշաբթի օրուան առիթով երէկ` 5 ապրիլին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն:

Արարողութեան հանդիսապետեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ Աւագ շաբթուան ընթացքին Ոտնլուայի արարողութիւնը ունի իր գրաւիչ բաժինը: Այս արարողութիւնը խորհրդանշական է եւ թելադրական այն առումով, որ Յիսուս իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց: Ան բացատրեց, որ ատիկա առաջին անգամը չէր, որ Յիսուս կ՛ակնարկէր ծառայութեան, կը խօսէր փոքրին նկատմամբ մեծին պարտականութեան մասին: Սրբազանը յայտնեց, որ Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուցած է, որ մարդիկ անոնց գործէն դատեն, որ անոնք իր աշակերտներն են:

Ան ընդգծեց, որ Ոտնլուայի խորհուրդը երկու բաժին ունի. առաջինը կը վերաբերի մեծերուն, որ ծառայեն իրարու, որովհետեւ ծառայութիւնը քրիստոնեային առաքինութիւններէն մէկն է: Երկրորդը այն է, որ խորհրդանշականօրէն 12 աշակերտ խորան կ՛ելլեն, որպէսզի անոնց ոտքերը լուացուին, սակայն յաւելեալ թիւով փոքրիկներու ոտքերը կը լուացուին, որպէսզի անոնք եւս օրհնուին Քրիստոսի աշակերտներուն նման: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ միայն այդ օր պէտք չէ այդ զգացումը ունենալ, այլեւ միշտ, որովհետեւ Քրիստոսի աշակերտ ըլլալը դաստիարակութիւն է: «Հայ եկեղեցւոյ դաստիարակութեան իրաւունքը կայ ոտքը լուալուն մէջ», շեշտեց սրբազանը եւ յորդորեց ծնողները, որ իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան մէջ դերակատար ըլլան:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ իբրեւ քրիստոնեաներ պէտք է միասնաբար գործենք, իբրեւ մեծեր Քրիստոսի աշակերտը ըլլանք եւ բաժին հանենք մեր զաւակներուն կրթութեան եւ դաստիարակութեան:

Share this Article
CATEGORIES