Աւագ Հինգշաբթին` Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ. «Իսկական Հաւատքը Կարելի Չէ Բաժնել Խոնարհութենէն» Շեշտեց Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարք
Երէկ` հինգշաբթի, 5 ապրիլ 2012-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Ոտնլուայի կարգը: Կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը ժողովուրդին ուղղած իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ Աւագ հինգշաբթի օր Յիսուս երկու կարեւոր խորհուրդներ հաստատեց. քահանայական խորհուրդը եւ Ս. հաղորդութեան խորհուրդը: Ան բացատրեց իւրաքանչիւրին իմաստը` յորդորելով ներկաները մաքուր սրտով պատրաստուելու ընդունելու Ս. հաղորդութիւնը` մեր գործած մեղքերուն վրայ զղջալով:
«Իսկական հաւատքը կարելի չէ բաժնել խոնարհութենէն… անկեղծ խոնարհութեան առաքինութիւնը հազուագիւտ է», շեշտեց պատրիարքը` աւելցնելով, որ Յիսուս թելադրեց իր աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն, որ իրմէ սորվինք խոնարհութիւնը:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ընդգծեց, որ Ոտնլուայի արարողութիւնը բացայայտ փաստ մըն է Յիսուսի խոնարհութեան, որուն հետեւեցան իր հետեւորդները եւ ուրիշներուն հանդէպ ծառայութիւններ մատուցեցին: Ան բացատրեց հպարտ ու խոնարհ մարդոց տարբերութիւնը եւ յորդորեց ներկաները, որ Յիսուսի նման խոնարհ ըլլան, որպէսզի կարենան իրենց հոգիներուն հանգիստը եւ յաւիտենական կեանքը գտնել:
Աւարտին, հոգեւոր տէրը լուաց Ս. Խաչ ժողովրդապետութեան սկաուտներուն ոտքերը եւ անոնց բաժնեց վարդարան:

