Եւրոպայի Ուու-Շուի Ախոյեանութիւն. Դաւիթ Պետրոսեան Եւ Նարեկ Կրպէեան Հանդիսացան Ախոյեան

«Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Դաւիթ Պետրոսեան եւ Նարեկ Կրպէեան Հայաստանի համար Եւրոպայի Ուու-շուի ախոյեանութեան 15-16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ տիրացած են ոսկի մետալի:

Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ` մասնակցութեամբ 29 երկիրներու:

Հայաստանի Ուու-շուի ֆետերասիոնի նախագահ, միջազգային կարգի իրաւարար Տիգրան Չոպանեան կը յայտնէ, որ Հայաստան տիրացած է այլ մետալներու ալ:

Մեծերու մրցումներուն, Գարիկ Թեւանեան (48 քկ) եւ Ռաֆիք Յարութիւնեան (52 քկ) տիրացան արծաթ մետալի:

17-18 տարեկան դասակարգին մէջ արծաթ մետալի տիրացաւ նաեւ Մուշեղ Խաչատրեան (56 քկ), ինչպէս նաեւ Արմենակ Պաքմազեան (15-16 տարեկան, 48 քկ):

Պրոնզէ մետալներու տիրացան Համլեթ Միրզոյեան (70 քկ), Մանուկ Հարոյեան (17-18 տարեկան), ինչպէս նաեւ Զաւէն Պօղոսեան եւ Գէորգ Երիցեան (թաուլուի մրցումներուն):

Share this Article
CATEGORIES