Պէյրութի Մարաթոնի Յանձնախումբին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ռիատ Սալամէի
Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ ընդունեց այցելութիւնը Պէյրութի Մարաթոնի յանձնախումբին մէկ պատուիրակութեան` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ Մէյ Խալիլի: Այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ:
Այս այցելութեան նպատակն էր շնորհակալութիւն յայտնել Սալամէի` նկատի ունենալով, որ անոր ճիգերուն շնորհիւ 2011-ի Պէյրութի միջազգային մարաթոնին Կեդրոնական դրամատան պաշտօնեաներուն մասնակցութիւնը եղաւ մեծաթիւ:
Խալիլ եւ Սալամէ խոստացան իրենց ամէն կարելին ընել` երկու կողմերուն միջեւ մարաթոնին առնչուող հարցերը միշտ ալ հեզասահ կերպով լուծելու:
Աւարտին Խալիլ յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Սալամէի:
CATEGORIES Մարզական