«Սուրիոյ Բարեկամներ»-ու Խորհրդաժողովին Պատճառով Թուրքիոյ Եւ Իրանի Միջեւ Լարուածութիւն

Ալատին Պորուճերտի

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ Իրանի դեսպան Պահման Հիւսէյնփուրայի Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովին մասին կատարած կարծր յայտարարութիւններուն պատճառով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է:

Լարիճանի «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովը «թշնամիներու հաւաք» որակած էր, իսկ անոր մասնակիցները` «Իսրայէլի կողմէ կաշառուածներ»:

Իրանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով կոմիտէի ղեկավար Ալատին Պորուճերտի յայտնած էր, որ «Թուրքիա Սուրիոյ դէմ իր անտրամաբանական եւ կարծր կեցուածքներուն համար եւ մասնաւորաբար այս երկրին մէջ գումարուած ժողովին պատճառով կորսնցուցած է «5+1»-ի` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Չինաստանի, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ հետ բանակցութիւնները հիւրընկալելու իր ատակութիւնը»: Ան աւելցուցած էր, որ «մենք Իսլամական շուրայի խորհուրդին մէջ կը մերժենք ժողովին Թուրքիոյ մէջ գումարուիլը, եւ կը կարծեմ, որ իրանեան կառավարութեան կեցուածքն ալ բանակցութիւնները այդ երկրին մէջ կատարելու նկատմամբ դրական չէ»:

Պորուճերտի նշած էր, որ «այս ժողովի հիւրընկալման համար Պաղտատը առաջարկեցինք, եւ եթէ «5+1» խմբակը ընդունի, ապա Իրաքի մայրաքաղաքը լաւ վայր է: Նկատի ունենալով, որ քննարկումները տակաւին կը շարունակուին, բանակցութեանց ժամկէտը կարելի չէ ճշդել»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու անձամբ հեռաձայնած է նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիին, որպէսզի իրանեան իշխանութիւններու որոշ ներկայացուցիչներու կողմէ կատարուած արտայայտութիւններուն գծով իր անհանգստութիւնը յայտնէ: Սալեհի յայտնած է, որ Իրանի անունով յայտարարութիւնները կը կատարեն Իրանի նախագահը, արտաքին գործոց նախարարը եւ գերագոյն հոգեւոր պետը, իսկ Լարիճանիի յայտարարութիւնը անոր անձնական եւ ոչ թէ երկրի պաշտօնական տեսակէտն է:

Անդրադառնալով Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ Իրան-«5+1» բանակցութիւնները Պոլսոյ մէջ կատարելու քննարկումներուն` Տաւութօղլու ըսած է, որ «եթէ կ՛ուզեն (բանակցութիւնները) Թուրքիոյ մէջ կատարել, մենք ուրախ պիտի ըլլանք: Եթէ որոշուի որեւէ այլ երկրի մէջ կատարել, մենք դարձեալ պիտի փորձենք կարելի եղածին չափ աջակցիլ: Թուրքիոյ համար ատիկա հեղինակութեան հարց չէ: Երկու կողմերն ալ տեղեկացուցած են, որ կ՛ուզեն հաւաքը Պոլիս կատարել: Մեզի համար կարեւորը բանակցութիւններու արդիւնքն է», ըսած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES