Ապահովութեան Խորհուրդը Սուրիոյ Կոչ Կ՛Ուղղէ Զինադադարի Հաստատման 10 Ապրիլի Ժամկէտը Յարգելու

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն դեսպան Սիւզըն Ռայս երէկ յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը սուրիական տագնապին շուրջ որդեգրեց նախագահական հաղորդագրութիւն մը, որ կոչ կ՛ուղղէ բնակելի շրջաններէն զինուորական ուժերը հեռացնելու, ծանր զէնքերու օգտագործումը անմիջապէս դադրեցնելու եւ այդ քայլերը մինչեւ 10 ապրիլ ամբողջական կերպով գործադրելու:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ առնչակից կողմերուն, ներառեալ` ընդդիմութեան կոչ ուղղեց կառավարութեան կողմէ իրմէ պահանջուածը կատարելէն մինչեւ 48 ժամ ետք բռնարարքները դադրեցնելու:

Ապահովութեան խորհուրդը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունէն պահանջեց սուրիական կառավարութեան հետ խորհրդակցելէ ետք վերոնշեալ մեքանիզմին գործադրութեան համար կարելի եղածին չափ շուտ առաջարկներ ներկայացնելու: Ապահովութեան խորհուրդը սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը շեշտեց եւ դարձեալ պահանջեց ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի վեց կէտերէ բաղկացած ծրագիրը գործադրել:

Խորհուրդը սուրիական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարումը արտօնելու եւ բոլոր կողմերուն թելադրեց այդ օժանդակութեանց մատակարարումը դիւրացնելու համար ՄԱԿ-ի հետ գործակցելու:

Նախքան Ապահովութեան խորհուրդի նիստը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ գործուող բռնարարքներուն նկատմամբ որդեգրուելիք որեւէ քայլ պէտք է ուղղուած ըլլայ Անանի ծրագիրը յաջողցնելու, եւ այդ ծրագիրը տարատեսակ զգուշացումներով ու սպառնալիքներով ձախողութեան մատնելէն պէտք է զգուշանալ: Ան ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը երկիրներ կ՛ուզեն, որ դէպքերը այդ ուղղութեամբ զարգանան:

Սուրիոյ դիւանագիտութեան պետը քննադատեց Պոլսոյ մէջ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովին ընթացքին սուրիական ընդդիմութիւնը Անանի ծրագիրին բովանդակած կեցուածքէն այլ կեցուածք մը որդեգրելու դրդող կոչերը եւ յայտարարեց, որ իր երկիրը կրնայ Սուրիոյ շուրջ ՄԱԿ-ի նախագահական հաղորդագրութեան ի նպաստ քուէարկել, եթէ զգուշացումներ կամ սպառնալիքներ չբովանդակէ եւ Անանի ծրագիրի գործադրութեան նպաստէ:

Միւս կողմէ, Անան երէկ Սուրիոյ շուրջ իր զեկուցումը ներկայացուց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին: Նիստին ընթացքին ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի ժողովէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել «Սուրիոյ զոհերը»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելէն բարձր առաջնահերթութիւն մը չի կրնար գոյութիւն ունենալ` նշելով, որ Անանի առաքելութիւնը «կրնայ սուրիական տագնապը լուծելու վերջին առիթը ըլլալ, իսկ եթէ անիկա ձախողի քաղաքացիական պատերազմի մը բռնկման կարելիութիւն գոյութիւն ունի»:

Ան նշեց, որ սուրիական տագնապի զինումը լուծում մը չէ եւ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց իր կարգին բռնարարքները դադրեցնելու: Ան սակայն շեշտեց, որ թշնամական արարքները պիտի դադրին միայն քաղաքական լուծումի մը հեռանկարին գոյութեամբ:

Անանի բանբեր Ահմետ Ֆաուզի «Հայաթ» օրաթերթին  յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը Անանին հաղորդած է, որ իր ուժերուն մէկ մասը քաղաքներէ հեռացուցած է, ինչպէս` Զապատանիէն եւ Ռիֆ Տիմաշքէն, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ Անանի խմբակը իր իւրաքանչիւր քայլէն տեղեակ պահել:

Ֆաուզի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական դէտերու պատուիրակութեան կազմութեան աշխատանքը ընթացք առած է եւ «մենք շարք մը երկիրներէ խնդրեցինք Սուրիա իբրեւ դէտ ուղարկելու համար ուժեր պատրաստել»: Այս առումով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Անան Թուրքիայէն Սուրիա ուժեր ուղարկել չէ խնդրած:

Ֆաուզի աւելի ուշ յայտնեց, որ Սուրիա ուղարկուած միջազգային դէտերու խմբակ մը Դամասկոս հասած է: Մինչ այդ, սուրիական վարչակարգը ընդունեց, որ Միջազգային կարմիր խաչը իր բանտերը այցելէ: Երէկ նաեւ հաղորդուեցաւ, որ Անան 11 ապրիլին Թեհրան պիտի այցելէ` քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապը:

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով քրտական արմատներով անանուն անձ մը, հաղորդեց, որ «Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանին մօտ երեք կէտերու մէջ ճամբարներ ունեցող ՔԱԿ-ը Աֆրին քաղաքին մէջ կեդրոններ հիմնած է, իսկ հիմա ալ հաստատուած է Հալէպի մէջ եւ կը փորձէ տեղւոյն քիւրտերուն աջակցիլ»:

«Մենք կը կարծէինք, որ ՔԱԿ-ի անդամներ Սուրիոյ մէջ չկան, սակայն արդէն քանի մը օրէ ի վեր անոնք այստեղ են», ըսած է ան:

Աղբիւրը պնդած է, որ քրտական կազմակերպութիւնը կը համագործակցի նախագահ Պաշշար Ասատի հետ եւ կը փորձէ տարբեր աշիրեթներու միջեւ բախումներ հրահրել: Նշենք, որ վերջերս բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը հաղորդած էր, որ քիւրտերը Հալէպի մէջ կը մասնակցին Ասատի դէմ կազմակերպուած բողոքի ցոյցերը ճնշելու:

Նախապէս թրքական մամուլը հաղորդած էր, որ ՔԱԿ-ի հիմնադիր եւ ղեկավար Ապտիւլլա Օճալան Ասատին օգնելու համար Սուրիա ուղարկած է ՔԱԿ-ի երկու հազար անդամներ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES