Ազրպէյճան Դէպի Հիւսիսային Կիպրոս Թռիչքները Կը Ջնջէ
Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանէն դէպի Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Հիւսիսային Կիպրոս թռիչքները, որոնք տարեկան 18 հազար զբօսաշրջիկներ կը փոխադրէին, ջնջուած են:
Ըստ թրքական մամուլին, Կիպրոսի կառավարութիւնը Ազրպէյճանի կառավարութեան սպառնացած է այդ թռիչքները շարունակելու պարագային կիպրական օդանաւերուն դէպի Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի նորակառոյց օդակայան թռիչքներ կատարելը արտօնել:
Այս քայլը Հիւսիսային Կիպրոսի զբօսաշրջական ծրագիրները խանգարած է: Այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան զբօսաշրջութեան, կենսոլորտի եւ մշակոյթի «նախարար» Իւնալ Իւսթել նախապէս յայտարարած էր, որ 2012-ին Հիւսիսային Կիպրոս այցելող ազրպէյճանցիներուն թիւը պիտի կրկնապատկուի:
CATEGORIES Միջազգային

