Շարպել Կոչ Կ՛Ուղղէ Դասեր Քաղելու Ժահժահի Դէմ Կատարուած Մահափորձէն
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ կատարուած մահափորձը շատ լուրջ է` աւելցնելով, որ Ժահժահ հրաշքով փրկուած է այդ մահափորձէն եւ նկատել տալով, որ հետաքննութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են պատասխանատուութիւնները ճշդելու առումով:
Շարպել կոչ ուղղեց դասեր քաղելու Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձէն եւ քաղաքական տարակարծութիւններուն շուրջ երկխօսութեամբ լուծումներու յանգելու:
Նշենք, որ Շարպել երէկ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութեան, ինչպէս նաեւ Ժահժահի դէմ կատարուած մահափորձին մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Փլամպլի յայտնեց, որ Ժահժահի դէմ կատարուած մահափորձը ցոյց կու տայ ապահովական կացութիւնը խախտող իրադարձութիւններէն զգուշանալու անհրաժեշտութիւնը: