Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Վարչապետ Միքաթին
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան աշխատանքներուն վերաբերող հարցերը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին երեսփոխաններ Ասեմ Արաժի եւ Թոնի Ապու Խաթեր, որոնք նախագահին հետ քննարկեցին Ժտիթայի քաղաքապետարանին եւ այդ շրջանին վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս զինուորական մարզին մէջ գործակցութեան առումով:
Նախագահ Սլէյման ամերիկացի դեսպանին հետ քննարկեց նաեւ շրջանային զարգացումները:
Նշենք, որ աւելի ուշ Լիբանանի ամերիկեան դեսպանատան կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Քոնելլի նախագահ Սլէյմանին յայտնած է Միացեալ Նահանգներուն մտահոգութիւնը` լիբանանցի քաղաքական ղեկավարի մը դէմ գործուած մահափորձին մասին ստացուած տեղեկագիրներուն առումով:


