ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 13 ԱՊՐԻԼԻՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐՍԿՍԻ

Եգիպտոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Սամիր Զահեր երէկ կատարած իր յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ յառաջիկայ շաբաթ, 13 ապրիլին, պիտի վերսկսի Եգիպտոսի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը, որ շուրջ երկու ամիսէ ի վեր ընդհատուած էր երկրին մէջ տիրած անապահով կացութեան պատճառով:

Սկզբնական շրջանին կը կարծուէր, որ այդ ախոյեանութիւնը աւելի պիտի յետագձուի կամ մրցումները տեղի պիտի ունենան դռնփակ` առանց համակիրի:

Ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան վերջին բաժինին մէջ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին այս ուղղութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES