ՊՈՒՆՏԸՍԼԻԿԱ. ՇԱԼՔԷ 2-0 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿՈՒԵՑԱՒ
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ յայտարարեց, որ նախորդ շաբաթավերջին Զանքթ Փաուլի – Շալքէ մրցումին (Պունտըսլիկա), որ աւարտէն 2 վայրկեան առաջ ընդհատուած էր, յաղթական հռչակուեցաւ Շալքէ` 2-0 արդիւնքով:
Մինչ Շալքէ 2-0 արդիւնքով կը յառաջանար, կողմի իրաւարարը հիւրընկալ խումբին` Զանքթ Փաուլիի համակիրներէն «նուէր» ստացաւ գարեջուրի երկու գաւաթ:
Յայտնապէս, Զանքթ Փաուլիի համակիրները զայրացած էին իրաւարարէն` նկատի ունենալով, որ խումբէն երկու մարզիկ կարմիր քարտ ստացած էր:
Ֆետերասիոնը ըսաւ, որ այս շաբթուան աւարտին, պատիժներ պիտի սահմանէ Զանքթ Փաուլիի դէմ:
CATEGORIES Մարզական