ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ

Յառաջիկայ 11-18 ապրիլին, Թաթարստանի մայրաքաղաք Քազանի մէջ տեղի պիտի ունենան Եւրոպայի 2011-ի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումները:

Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Փաշիկ Ալավերտեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանի հաւաքականները այժմ բաւական լաւ ձեւով կը պատրաստուին այս ախոյեանութեան: Կիներու հաւաքականը իր ուսումնամարզական հաւաքը այժմ կը կատարէ Երեւանի մէջ (նախապէս` Աբովեանի մէջ), իսկ տղոց հաւաքականը` Աբովեանի մէջ (Ծաղկաձոր):

Եւրոպայի ախոյեանութեան Հայաստան պիտի ունենայ 11 ներկայացուցիչ: Աղջկանց մրցումներուն Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Էլեն Գրիգորեան (53 քկ), Մելինէ Տալուզեան (69 քկ) եւ Հռիփսիմէ Խուրշուտեան (75 քկ եւ վեր):

Իսկ տղոց մրցումներուն մասնակցողներն են` Սմբատ Մարգարեան (56 քկ), Վանիկ Աւետիսեան, Սամուէլ Գրիգորեան (69 քկ), Արայիկ Միրզոյեան (77 քկ), Էտկար Գէորգեան (85 քկ), Գեւորիկ Պօղոսեան (94 քկ), Արթուր Պապայեան (105 քկ) եւ Հայկ Յակոբեան (105 քկ եւ վեր):

Աղասի Աղասեան (77 քկ) եւ Վարդան Դաւթեան (94 քկ) նկատի առնուած են իբրեւ պահեստի մարզիկներ:

Ալավերտեան եզրափակեց ըսելով, որ վերջնական կազմը կը յստականայ վաղը` հինգշաբթի, 7 ապրիլին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES