Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը` Ստեփանակերտի Մէջ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան մեկնեցաւ Ստեփանակերտ: Երէկ զայն ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան բանակաշինութեան եւ պաշտպանութեան մարզերուն մէջ երկու հայկական պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
CATEGORIES Հայկական


