«Հայկական Պատուիրակութիւնը Յաջողեցաւ Պաքուի Մէջ» Շեշտեց Վահան Յովհաննիսեան

Հայկական պատուիրակութեան մամլոյ ասուլիսէն պահ մը

«Եւրոնեսթ»-ի մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ ճիշդ եւ արդարացուած էր հայկական պատուիրակութեան մասնակցութիւնը «Եւրոնեսթ»-ի` Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Խորհրդարանական վեհաժողովին:

Երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ան շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան բոլոր անդամներուն խիզախութեան ու միասնական աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ նշեց, որ հայկական պատուիրակութիւնը յաջողեցաւ որոշակի շեշտադրումներ մտցնել ընդունուած բանաձեւերուն ու քննարկուած փաստաթուղթերուն մէջ:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահին հետ «Եւրոնեսթ»-ի Բիւրոյի ներկայացուցիչներու հանդիպման, որուն ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահը ոչ մէկ խօսք ըսած էր Լեռնային Ղարաբաղի մասին, Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ պատճառը հաւանաբար հանդիպման` լրատուամիջոցներու ներկայ չըլլալն էր: Իսկ արդէն յաջորդ օրը Ալիեւ սեփական հանրութեան լսելի դարձուց, որ հայերը «ֆաշականներ» եւ «բռնագրաւողներ» են:

«Այս ելոյթը շատ վատ ազդեցութիւն ունեցաւ բոլոր պատուիրակներուն վրայ: Ընդմիջումին նոյնիսկ ազրպէյճանցի պատգամաւորները  մեզի կը մօտենային եւ կ՛ըսէին, որ իրենց վրայ ալ վատ ազդեցութիւն ձգած է Ալիեւի ելոյթը», յայտնեց Վահան Յովհաննիսեան:

Ըստ անոր, Ալիեւ իր երկրին վարկանիշին այնպիսի քաղաքական հարուած հասցուց, որ հայկական պատուիրակութիւնը, որքան ալ ցանկար, չէր կրնար ընել: Վահան Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ հայկական պատուիրակութիւնը յաջողեցաւ Պաքուի մէջ:

Ան նաեւ տեղեկացուց, որ իրենք մեկուսացուած էին  ոչ միայն լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներէն, այլեւ եւրոպացի պատգամաւորներէն: Օգտագործելով «ընդյատակեայ յեղափոխական հնարքներ», Վ. Յովհաննիսեան յաջողած է հարցազրոյց տալ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներէն մէկուն: Հիւրընկալութիւնը, ապահովութեան միջոցները գոհացուցիչ եղած են, իսկ ժողովուրդի վերաբերմունքը` ոչ յարձակողական:

 

Share this Article
CATEGORIES