ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. Լէյքըրզ Յաղթական` Լոս Անճելըսի Տերպիի Մրցումին
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ թէեւ տեղի ունեցան 12 ճակատումներ, սակայն փլէյ-օֆի իրենց տոմսերը ապահովող խումբերուն թիւը մնաց անփոփոխ` երեք:
Լոս Անճելըսի տերպիի մրցումին յաղթականը հանդիսացաւ Լէյքըրզ, որ 113-108 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քլիփըրզը:
Լէյքըրզի կատարած վերջին մրցումէն բացակայած Էնտրու Պայնում վերադառնալով նշանակեց 36 կէտ, մինչ Քոպի Պրայընթ` 31: Նշենք, որ իր կատարած վերջին վեց մրցումներուն Քլիփըրզ յաղթանակ արձանագրած էր:
Տիտղոսակիր Տալաս Մավըրիքս 95-85 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մեմֆիս Կրիզլիզը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տըրք Նովիթցքի նշանակեց 23 կէտ:
Երէկուան մրցումներուն մեծագոյն յաղթանակը արձանագրեց Աթլանթա Հոքս, որ պարտութեան մատնեց Շարլոթ Հոռնեթցը` 120-93 արդիւնքով:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 78-99
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Ինտիանա Փէյսըրզ 96-109
Աթլանթա Հոքս – Շարլոթ Հոռնեթց 120-93
Պոսթըն Սելթիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 86-87
Նիւ Օրլինզ – Տենվըր Նակեթց 94-92
Մայեմի Հիթ – Օքլահոմա Սիթի 98-93
Միլուոքի Պաքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 107-98
Մինեսոթա Վուլվզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 94-97
Տալաս Մավըրիքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ 95-85
Եութա Ճեզ – Ֆէոնիքս Սանզ 105-107
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Նիւ Ճըրզի Նեթց 101-88
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 108-113
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Օրլանտօ Մեճիք – Նիւ Եորք Նիքս
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Շիքակօ Պուլզ – Պոսթըն Սելթիքս
Սաքրամենթօ Քինկզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ